Աղջիկները եւ տղաքը «մաթեմաթիքի» խնդիրներ լուծելու մէջ կ՛օգտուին գլխուղեղի միեւնոյն մեքանիզմներէն եւ կառոյցներէն, եւ անոնց մօտ այս գիտութեան հանդէպ ընդունակութիւնները միատեսակ են: Նոր հետազօտութիւնը, որ հին սեքսիսթական առասպելը հերքելու համար, առաջին անգամ օգտագործած է գլխուղեղի մտապատկերումը, հրապարակուած է Science of Learning ամսագիրին մէջ:
Անցեալին, քանի մը հետազօտութիւններ արդէն պսակազերծած էին այն առասպելը, որ տղաքը ի ծնէ «մաթեմաթիքը» աւելի լաւ կը յաղթահարեն, քան աղջիկները: Սակայն, այդ հետազօտութիւնները առաւելապէս հիմնուած էին «մաթեմաթիքական» թեսթերու արդիւնքներու վերլուծութեան վրայ: Իսկ հիմա, գիտնականները որոշած են պարզել, թէ «մաթեմաթիքական» թեսթեր լուծելու ժամանակ, ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ ուղեղին մէջ, եւ արդեօք տարբեր սեռերու փոքրիկներու մօտ կը գործարկուի միեւնո՞յն նեարդաբջիջային մեքանիզմը:
Այս հարցումին պատասխանելու համար, գիտնականները հետազօտած են 3-էն մինչեւ 10 տարեկան 104 փոքրիկներու ուղեղը: Փոքրիկներուն տրուած են մտային թեսթեր, այնուհետեւ անոնք դիտած են «մաթեմաթիքի» գրաւիչ դասերով տեսանիւթեր:
Հեղինակներու խօսքով՝ իրենք պարզած են, որ «մաթեմաթիքի» խնդիրներ լուծելու ժամանակ, անկախ սեռէ՝ բոլոր փոքրիկներու մօտ գործարկուած է գլխուղեղի միեւնոյն ցանցը:
Այսպիսով, գիտնականները յանգած են այն եզրակացութեան, որ կարծրատիպերը, թէ «մաթեմաթիքը» աղջիկները աւելի վատ կը յաղթահարեն, քան տղաները, հիմնաւորուած չեն, սակայն հանրութիւնը եւ մշակոյթը աղջիկները եւ կիները «մաթեմաթիքէն» եւ գիտութիւններէն ետ կը մղեն: