«Ռոսբոթրեպնատզորը» յայտնած է, որ աղտոտ ձեռքերը կրնան աշխարհի մէջ տարեկան 1,4 միլիոն փոքրիկի մահուան պատճառ դառնալ։ Այս տուեալները ներկայացուած են Հոկտեմբեր 15-ին Մաքուր ձեռքերու համաշխարհային օրուան վերաբերեալ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ամէն տարի, աւելի քան 1,4 միլիոն մարդ աշխարհի ամբողջ տարածքին կը մահանայ թոքի պաքթիրիայի բորբոքումէն (pneumonia) եւ լուծէն (աղիքի գործունէութեան խանգարում), որոնց յառաջացման պատճառը յաճախ աղտոտ ձեռքերն են։ Ձեռքերը օճառով լուալը նման կորուստներէն խուսափելու արդիւնաւէտ միջոց է։ Այսպէս, հաստատութեան տուեալներով, ծնողներու կողմէ օճառով ձեռքերը լուալը կը նպաստէ փոքրիկներու շրջանակի մէջ սուր վարակիչ հիւանդութիւններէն մահացութեան 20 տոկոս, իսկ աղիքային հիւանդութիւններէն 50 տոկոս նուազումին։
Պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն, միքրօ-օրկանիզմներու՝ փոխանցումի շփումային-կենցաղային ճամբան, որուն հիմնական տարրը աղտոտ ձեռքերն են, ամէն տարի կը բերէ վարակիչ հիւանդութիւններու՝ միջինը աւելի քան 300 բռնկումներ։ Դէպքերու 85 առ հարիւրին մէջ, վարակներէն տուժածները փոքրիկներ են։