Մարդոցմէ շատեր կը ձգտին մեկնիլ տաք երկիրներ եւ Ամանորը դիմաւորել որեւէ լողափի վրայ: Առողջութեան վրայ ինչպէ՞ս կ՛անդրադառնայ կլիմայի նման փոփոխութիւնը:
Ցուրտ եղանակին, անօթները կը նեղնան, եւ արեան շրջանառութիւնը կը վատթարանայ, իսկ զարկերակային ճնշումը կը բարձրանայ, ինչ որ կրնայ շարք մը խնդիրներ յառաջացնել, յատկապէս սրտանօթային եւ թոքերու հիւանդութիւններով մարդոց մօտ:
Բայց այս մէկը չի նշանակեր, որ այդ մարդոց ինքնազգացողութիւնը կը բարելաւուի, եթէ մեկնին տաք երկիր: Եթէ մարդ երկար տարիներ կը բնակի երկիրի կամ վայրի մը մէջ, անոր օրկանիզմը արդէն այդ կլիմային վարժուած կ՛ըլլայ: Ան գիտէ, թէ տարուան եղանակները ինչպէ՛ս իրարու կը յաջորդեն, ինչպէ՛ս կը փոխուին մթնոլորտային ճնշումի եւ խոնաւութեան ցուցանիշները: Այս մէկը այնքան կարեւոր է, որովհետեւ, ճիշդ այդ վայրերուն մէջ, օրկանիզմի կենսառիթմերը կը գործեն քիչ թէ շատ ներդաշնակ: Եւ տաք եղանակին, ձմրան փոխարինումը օրկանիզմը բնական կ՛ընկալէ՝ ատոր արդէն վարժուած է:
Իսկ եթէ մարդ ձմրան կիսուն կը յայտնուի արեւադարձային տեղ մը, այդ մէկը կրնայ անոր օրկանիզմին համար ցնցում ըլլալ: Եւ եթէ երիտասարդ ու առողջ օրկանիզմը կրնայ այդ ցնցումը հանգիստ յաղթահարել, քրոնիք հիւանդութիւններով մարդու համար այդ մէկը կրնայ շարք մը խնդիրներ յառաջացնել:
Եթէ կը փափաքիք ամանորեայ տօներուն ուրիշ երկիր ճամբորդել, աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ խորհրդակցիլ ձեզ բուժող բժիշկին հետ, եթէ որեւէ քրոնիք հիւանդութիւն ունիք: Միայն բժիշկը կրնայ ըսել, թէ կարելի՞ է որեւէ տեղ երթալ, թէ՞ ոչ, իսկ եթէ կարելի է, ապա ինչպիսի՞ դեղեր պէտք է առնէք ձեզի հետ եւ նախազգուշական ի՞նչ միջոցներ պէտք է ձեռնարկէք: