Աշխարհահռչակ բրիտանացի «բրիմաթոլոճիսթ» Ճէյն Կուտոլ ըսած է, որ «քորոնա» ժահրի համավարակը պատահեցաւ՝ բնութեան եւ անասուններուն հանդէպ մարդ արարածին անուշադրութեան, անտարբերութեան ու անտեսումին պատճառով:
Կուտոլ, որ ուսումնասիրած է յատկապէս Շեմփանզէները եւ անոնց բնութիւնը՝ Ափրիկէի մէջ կատարած իր հետազօտութեան միջոցով, խնդրած է աշխարհէն, որ սորվի անցեալի սխալներէն՝ կանխարգիլելու համար ապագայի աղէտները:
Հեռաձայնային գիտաժողովի մը ընթացքին, 86 տարեկան «Ճէյն Կուտոլ. յոյսը», ըսած է, որ ամէն մարդ կրնայ տարբերութիւն մը ընել: Ան ըսած է նաեւ, որ մարդ արարածին՝ բնութեան եւ անասուններու հանդէպ անտեսումը եւ անարգանքն են, որոնք պատճառ դարձան Երկիրին վրայ այս համավարակին տարածումին, որ կանխատեսուած էր երկա՜ր ժամանակէ:
«Որովհետեւ կը կործանենք, օրինակ՝ անտառը, անասուններու տարբեր տեսակներ կը ստիպուին շարժելու իրենց բնական վայրերէն եւ իրարու մօտենալու, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ հիւանդութիւններ փոխանցուին մէկ անասունէն միւսը, եւ անասունէն ալ մարդ արարածին: Այն անասունները, որոնք մարդ արարածը կ՛որսայ եւ կը ծախէ Ափրիկէի շուկաներուն մէջ կամ վայրի անասուններու միսի շուկային՝ Ասիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ՝ անողոքաբար աշխարհի տարածքին գտնուող ագարակներ կը խճողէ միլիոնաւոր անասուններով, այս բոլորը կացութիւններ կը ստեղծեն, որպէսզի ժահրերը փոխանցուին մէկ անասունէն միւսին եւ հետեւաբար, մարդ արարածին:
Իսկապէս լաւ է, որ Չինաստան փակեց ողջ վայրի անասուններու շուկաները ժամանակաւորապէս, ինչ որ կը յուսանք որ ատոնք դառնան մշտական, եւ ասիական այլ երկիրներ հետեւին այս հարցին վերաբերեալ խնդրագիրին: Սակայն, Ափրիկէի մէջ շատ դժուար պիտի ըլլայ վայրի անասուններու միսը չծախելը, որովհետեւ շատ մարդիկ անոր կը վստահին ապրելու համար: Ուրեմն, մարդ շատ լաւ պէտք է մտածէ, որովհետեւ դժուար է մէկ անգամէն մէկու մը պարտադրել, որ կեցնէ այն ինչ որ երկար ժամանակէ կը կիրառէր, յատկապէս, երբ ան դրամ չունի ինքզինքը կամ իր ընտանիքը ապրեցնելու: Այս համավարակը առնուազն պէտք է սորվեցնէ մեզի, այն բոլոր բաները որոնք պէտք չէ ընենք կանխարգիլելու համար ուրիշ մը:
Մենք պէտք է գիտակցինք, որ մաս կը կազմենք բնութեան եւ անկէ կախեալ ենք, ու երբ կը կործանենք զայն, իրականութեան մէջ մենք կը խլենք մեր մանուկներուն ապագան: Աշխարհի տարածքին եղած մեկուսացումները հաւանաբար օգնեն, որպէսզի մարդիկ արթննան, եւ ի վերջոյ մտածեն, այլ ձեւերով վարելու իրենց կեանքը:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ազդեցութիւն ունենալ շրջապատին, կենսոլորտին: Եթէ մտածես փոքր ընտրութիւններուդ հետեւանքներուն մասին, այն ինչ որ կ՛ուտես, ուրկէ՞ կու գայ կերածդ, ուրկէ որ եկած է՝ դաժանութիւն եղած է անասուններուն նկատմամբ, աժա՞ն է, ինչո՞ւ, փոքրիկներու ճակտի քրտինքո՞վ ստացուած է, վնաս հասցուա՞ծ է շրջապատին կամ կենսոլորտին, ուրկէ՞ եկած է, քանի՞ մղոն կտրած է…
Այլ բաներու մասին մտածելու փոխարէն, մտածենք ձեւերու մասին՝ որոնք կ՛օգնեն աղքատութիւնը չէզոքացնելու աշխարհի երեսէն, որովհետեւ երբ ժողովուրդ մը աղքատ է, չի կրնար այդ «էթիքական» ընտրութիւնները կատարել: Ժողովուրդ մը ամէն բան պիտի ընէ՝ գոյատեւելու համար: Ան պիտի չի հարցնէ ի՞նչ կը գնէ, պիտի գնէ ամէնէն աժանը, ամէնէն մատչելին, եւ եթէ անհրաժեշտ է, պիտի կոտրէ վերջին ծառը, որպէսզի տարածութիւն մը ունենայ ցանելու եւ ուտելիք ստանալու համար:
Ուրեմն, այն ինչ որ կ՛ընենք մեր անձնական կեանքերուն մէջ, ետ մեզի պիտի դառնայ: Բոլորս կրնանք օգնել եւ տարբերութիւն մը ընել: