Օդի ախտահանման նոր արհեստագիտութիւնը կրնայ կանխել այլ համաճարակ մը, կը յայտնէ Քլինիքըլ մանրէաբանութեան եւ վարակիչ հիւանդութիւններու եւրոպական միութիւնը:
Անդրմանիշակագոյն լոյսի հակապաքթիրըլ եւ հակաժահրային աշխուժութիւնը յայտնի է 1940ական թուականներէն:
Անիկա մեծածաւալ կ՛օգտագործուի հիւանդանոցներու մէջ, սակայն ախտահանումը կը կիրառուի միայն այն պարագային, երբ սենեակին մէջ մարդ չկայ. անդրմանիշակագոյն ճառագայթումը վտանգաւոր է աչքերուն եւ մորթին համար։
Սենեակներու ախտահանման վերոյիշեալ նոր մօտեցումը կը կոչուի FAR UV-C: Գիտնականները առաջարկած են օգտագործել 222 նմ ալիքի երկարութեամբ ճառագայթում (ընդհանրապէս կ՛օգտագործուի 254 նմ ալիքի երկարութեամբ լոյս)։ Այս ճառագայթումը չի վնասեր մորթը, աչքերը կամ հիւսուածքները:
Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ FAR UV-C-ն կրնայ արագ եւ արդիւնաւէտ ձեւով ապաշխուժացնել «կրիփ»ի ժահրերը, SARS-COV-2ը եւ փճացնել «պաքթիրիա»ները:
Այս պարագային «փաթոճեն»ները չեն կրնար դիմադրութիւն զարգացնել ճառագայթումին նկատմամբ, ինչպէս այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ պատուաստներու եւ դեղերու պարագային:
Յաւելեալ «թեսթ»եր, իսկական սենեակի մէջ, ցոյց տուած են, որ FAR UV-C-ն նուազեցուցած է ժահրային մասնիկներու քանակը օդին մէջ աւելի քան 99 առ հարիւրով, որ կը նշանակէ, թէ այս նոր արհեստագիտութիւնը զգալիօրէն աւելի արդիւնաւէտ է, քան աւանդական օդի զտման եւ օդափոխութեան համակարգերը: