«Հայփըրթէնշըն»ը (արեան բարձր ճնշումը) կրնայ ունենալ «տեսողական» նշաններ, որոնք կ՛արտացոլան աչքերու հետ կապուած խնդիրներու մէջ, որովհետեւ աչքերու վիճակը կախեալ է արեան շրջանառութեան առանձնայատկութիւններէն, ըսած է բժիշկ Սալի Ամին։
«Հայփըրթէնշըն»ը վտանգաւոր է անով, որ չունի յատուկ ախտանշաններ. ատոր դրսեւորումները յաճախ կը թուին ըլլալ գերյոգնածութիւն եւ քունի պակաս, որոնց պատշաճ ուշադրութիւն չի դարձուիր։
Մինչդեռ եթէ արեան ճնշումը միշտ բարձր ըլլայ, սիրտը աւելի կ՛աշխատի՝ մարմնին արեան բաւարար հոսք մատակարարելու համար, որուն հետեւանքով անիկա արագ կը յոգնի, կը հիւծի եւ աւելի խոցելի կը դառնայ հիւանդութիւններու նկատմամբ։ Տկար եւ հիւանդ սրտանօթային համակարգը կրնայ առողջութեան հետ կապուած այլազան խնդիրներու պատճառ դառնալ՝ սրտի տագնապներէն մինչեւ կաթուած։
«Աչքերու առողջութիւնը ուղղակիօրէն կախեալ է թէ որքա՞ն կայուն է արեան ճնշումը։ Ատոր անվերահսկելի անկայունութիւններու եւ «Հայփըրթէնշըն»ի պարագային կը յառաջանան ախտանշաններ՝ կապուած աչքերու եւ տեսողութեան հետ»,-ըսած է բժիշկը։
Բժիշկը կոչ կ՛ուղղէ ուշադրութիւն դարձնելու հետեւալ ախտանշաններուն․
- Մշուշոտ տեսողութիւն
- Աչքերու կարմրութիւն
- Անյարմարութիւն եւ ցաւ աչքերուն մէջ
Ատոնց առկայութեան պարագային, պէտք է դիմել ակնաբոյժին եւ կատարել աչքերու ամբողջական հետազօտութիւն՝ ներառեալ աչքի յատակի եւ ցանցաթաղանթի: Պէտք է գիտնալ, որ անվերահսկելի բարձր արեան ճնշումը կրնայ յանգեցնել աչքի աղիտալի վնասներու, այդ շարքին՝ աչքի կաթուածի, ցանցաթաղանթի վնասման եւ կուրութեան: