Չոր աչքի ախտանիշներով հիւանդները կեանքի աւելի ցած որակ կ՛ունենան՝ նման ախտանիշներ չունեցող հիւանդներու հետ բաղդատելով: Այս մասին գրուած է BMJ Open ամսագիրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան մէջ:
Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, որ այս հիւանդութեամբ տառապող մարդիկ գանգատած են չոր աչքերու՝ տեսողական գործունէութեան բացասական ազդեցութեան, ամէնօրեայ աշխատանք կատարելու անոնց ունակութեան եւ աշխատանքի կատարողականութեան վերաբերեալ:
Չոր աչքի համախտանիշը այսօր շատ տարածուած է, որ կրնայ հարուածել բոլոր տարիքի մարդոց, սակայն աւելի տարածուած է կիներու եւ տարեցներու մօտ: Ախտանիշները՝ աչքերու գրգռութիւն եւ կարմրութիւն, տեսողութեան աղօտութիւն եւ աչքի վրայ օտար մարմինի առկայութեան զգացողութիւն կը ներառեն: Կը հաղորդուի, որ 65-էն վեր մեծահասակներու մինչեւ մէկ երրորդը ունի այս հիւանդութիւնը. հաւանաբար, իսկական թիւը շատ աւելի բարձր ըլլայ, որովհետեւ մեղմ ախտանիշներով մարդիկ աւելի քիչ կը դիմեն բժիշկի:
Բուժումը յաճախ արհեստական արցունքներու, աչքերու քսանիւթերու օգտագործում կը ներառէ:
Հետազօտութեան համաձայն՝ չոր աչքի համախտանիշ ունեցող մարդոց մեծ մասը շարժունակութեան հետ կապուած խնդիրներ ունեցած է եւ շատ աւելի դժուարութիւններ՝ առօրեայ գործունէութեան մէջ, քան՝ այս հիւանդութիւնը չունեցող մարդիկ: Հարցումները ցոյց տուած են, որ անոնք աւելի յաճախ անհանգստութիւն եւ «տիփրեշըն» ունեցած են:
Աւելի ծանր ախտանիշներ ունեցող հիւանդները հաւանական է, որ բացասական ազդեցութիւն ունենան իրենց ընկերային աշխուժութեան վրայ, ինչպէս նաեւ՝ աշխատանքի արտադրողականութեան վրայ: