Աչքերու տակ մութ գոյնի շրջանակներու յառաջացման պատճառը ոչ անպայման թուլութիւնը եւ անքնութիւնն են: Այդ կրնայ կապուած ըլլալ ներքին օրկաններու աշխատանքի լուրջ խախտումներու հետ, յայտնած են իմիւնաբան, արեան եւ ալերժիի մասնագէտ Քսենիա Պոչարովա:
Անոր խօսքով՝ աչքերու տակ կապտաբիծերու յառաջացման վրայ կրնան ազդել շարք մը գործօններ, այդ շարքին՝ անքնութիւն, մեծ քանակութեամբ թէյի, սուրճի օգտագործում, ծխել, վատառողջ ապրելակերպ, գիշերային աշխատանք, համակարգիչի առջեւ երկար նստիլ:
Առաջին կարգին, աչքերու տակ մաշկի մգացումը կրնայ մատնանշել, որ հիւանդի մօտ «հիփոքսիա»՝ թթուածնաքաղց կը զարգանայ: Այդ կրնայ կապուած ըլլալ միքրօտարրերու կենսական կարեւորութեան հետ, օրինակ՝ երկաթի պակասի կամ երիկամներու եւ լեարդի հիւանդութիւններու հետ:
Սակայն, երբեմն մութ գոյնի շրջանակներ կրնան յառաջացնել որոշ հիւանդութիւններ, այդ շարքին՝ «անիմիա», երիկամներու, լեարդի, սրտանօթային եւ շնչառական համակարգի հիւանդութիւններ:
Որոշ դէպքերու պարագային, այդ մէկը կրնայ բնական ըլլալ: Բացի ատկէ, տարիքի հետ աչքերու շուրջ մաշկը կը դառնայ փխրուն, շրջանակներու տեսանելիութեան վրայ կ՛ազդեն նաեւ «սթրես»-ը, վատառողջ ապրելակերպը, կտրուկ նիհարնալը:
Ատոնց տեսանելիութիւնը նուազեցնելու համար, պէտք է շուտ քնանալ եւ երկար չքնանալ: Օրուան ընթացքին քալել մաքուր օդին, արեւու ճառագայթներուն տակ 30-40 վայրկեան եւ յաճախ հանգստանալ համակարգիչներէն եւ «կատճեթներէն»: