Ամերիկացի գիտնականներ ստեղծած են աչքի կաթիլներ փոքրիկներու կարճատեսութեան (մայոփիա) զարգացումը դանդաղեցնելու համար։ Օհայոյի համալսարանի գիտնականներուն հետազօտութիւնը հրապարակուած է JAMA Ophthalmol ամսագրին մէջ։
Աւանդական շտկող միջոցները՝ ակնոցները եւ «քոնթէքթ լենս»երը, կ՛ապահովեն տեսողութեան անմիջական բարելաւում, բայց չեն լուծեր կարճատեսութեան զարգացման հիմնական խնդիրը։ Հետեւաբար, կարեւոր է մշակել մեթոտներ, որոնք կը կանգնեցնեն հիւանդութեան զարգացումը։ Կարճատեսութիւնը կապուած է ակնախնձորի ձեւի փոփոխութեան հետ, երբ անիկա կը ձգուի երկարատարած առանցքով, որ կը յանգեցնէ՝ հեռաւոր առարկաներէն արտացոլուած լոյսի փունջի կեդրոնացում ոչ թէ ցանցաթաղանթին, այլ՝ անոր առջեւ եւ պատկերը կ՛ըլլայ ոչ յստակ։
Հետազօտութեան մէջ գնահատուած է «էթրոփին»ի երկու ցած չափաբաժիններու (0,01 եւ 0,02 առ հարիւր խտութեամբ) անվտանգութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը «փլասիպոյի» հետ բաղդատելով։ Հետաքրքական է, որ «էթրոփին»ի 0,01% լուծոյթը առանցքային հեռաւորութեան առաւել զգալի նուազում ցուցադրած է կարճատեսութիւն ունեցող 6-10 տարեկան փոքրիկներու վերահսկիչ խումբերու հետ բաղդատելով։ Հետազօտութեան մասնակցած է 489 փոքրիկ։
Հետազօտութեան արդիւնքները կը վկայեն կարճատեսութեան ուսումնասիրման մարզին մէջ զգալի յառաջընթացի մասին եւ ատոր բուժման արդիւնաւէտ մեթոտներու ստեղծման յոյս կու տան։