Վերջին շրջանին աշխուժացած է, այսպէս կոչուած, «աչքի կրիփ»-ը՝ վտանգաւոր հիւանդութիւն, որ նախնական հանգրուանին նման է աչքի թափանցիկ մաշկի (conjunctiva, որ աչքին ճերմակ բաժինը կը ծածկէ) բորբոքումին (conjunctivitis): Գերմանիոյ Առողջապահական լուսաբանութեան կենդրոնի մասնագէտները յայտնած են, որ վերջին անգամ «աչքի կրիփ»-ի անյետաձգելի բռնկում տեղի ունեցած էր 2016 թուականին, Պոննի մէջ, եւ բերած էր շնչառական, մարսողական համակարգի եւ աչքերու հիւանդութիւններու զգալի աճ:
Մասնագէտներու խօսքով՝ սկիզբը մէկ աչքը կը կարմրի, յետոյ կ՛ուռի, կը յառաջանայ աչքի մէջ օտար մարմինի զգացողութիւն, կը մեծնայ լոյսի հանդէպ զգայունութիւնը: Վարակուելէն ետք ի յայտ գալու եւ յարձակելու միջեւ եղած ժամանակաշրջանը կ՛երկարի 5-12 օր:
Հիւանդութեան առաջին ախտանշաններու ի յայտ գալէն ետք, մարդուն արդէն կարելի է վարակիչ նկատել: Կարելի է վարակուիլ ֆիզիքական շփումի պարագային, օրինակ՝ ձեռքը աչքին տանելով՝ հիւանդ մարդու հետ ձեռքսեղմումէն ետք:
Ժահրը դեղերու հանդէպ կայուն է եւ կը բնորոշուի բարդութիւններու երկարատեւութեամբ: Շատերու մօտ տեսողութեան պղտորութիւնը կը մնայ առողջանալէն ետք քանի մը շաբաթ:
Վարակուիլը կանխելու համար, խորհուրդ կը տրուի ձեռքերը շատ յաճախ լուալ եւ հականեխել: