Միշիկընի ամերիկեան համալսարանի գիտնականները առաջին անգամ ըլլալով յաջողած են տարրալուծարանի մէջ ցօղունային բջիջներէն մարդու փոքրիկ սիրտ մը ստեղծել, յայտնած է bioRxiv կայքէջը:
Կենսաբանները համապատասխան արձանագրութիւն պատրաստած են սիրտի աճեցումին համար:
Ձեւաւորուած օրկանը նման է մարդու սաղմի իրական սիրտին, կանոնաւոր կը կծկուի եւ ունի սիրտի բջիջներու եւ ատոր կառուցուածքի բոլոր հիմնական տեսակները:
Այս յայտնութիւնը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու դէմ պայքարի ծիրին մէջ, որոնք փոքրիկներու մօտ կը յառաջանան տակաւին մանկութեան տարիներուն: