Առաջին մանուկը տիեզերքի մէջ կրնայ ծնիլ յաջորդ 12 տարիներուն։ SpaceBorn United-ի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն, տոքթոր Էկպերթ Էտելպրուք ըսած է, որ ընկերութիւնը կ՛աշխատի առաքելութիւններու վրայ, որոնց մէջ յղի կիներ պիտի կարողանան ծննդաբերել ուղեծիրին մէջ, տեղեկացուցած է PA-ն։
Ներկայիս նպատակը այն չէ, որ յղութիւնը ընթանայ տիեզերքին մէջ, այլ այն, որ ծննդաբերութիւնը կատարուի 24-36 ժամուն։
Ելոյթ ունենալով Դարմշտադտում (Գերմանիա) Asgardia Space Nation առաջին տիեզերական եւ գիտական քոնկրեսին մէջ, Էտելպրուք ըսած է, որ այդ տեղի կ՛ունենայ մինչեւ 2031 թուական։
«Առայժմ, այդ մէկը կարելի է միայն ստորին մերձերկրեայ ուղեծիրին մէջ (LEO) եւ կարելի է միայն շատ մանրազննին ընտրութեան պարագային»,- ըսած է ան։
Ապագայ մայրերուն եւ բուժանձնակազմին ներկայացուող պահանջներու շարքին են երկու նախորդ անթերի ծննդաբերութիւններու փորձը եւ բնական բարձր ճառագայթային տոկունութիւնը։
SpaceBorn Utd-ը կը հետազօտէ մարդու վերարտադրման պայմանները տիեզերքի մէջ, եւ կը մասնագիտանայ օժանդակ վերարտադրողական արհեստագիտութիւններու մարզին մէջ։