2022ը բաւական ծանր տարի էր յատկապէս առողջապահութեան ոլորտին մէջ։ Covid-ի համավարակը կը շարունակէր հիւանդութեան եւ մահացութեան աճ արձանագրել։ Որոշ չափով մոռցուած ժահրերը, ինչպէս՝ ծաղիկը, կրիփը եւ RSV-ն, անսպասելի գլուխ բարձրացուցին: Իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանը չեղեալ յայտարարեց վերարտադրողական ազատութեան գրեթէ 50-ամեայ իրաւունքը, որ հաստատուած էր Roe v. Wade-ի որոշումով, գրած է Scientific American-ը։
Բայց 2022ի «նորութիւն»ները միայն վատ չենք կրնար որակել: Ի վերջոյ, կենսաբանութիւնը եւ բժշկութիւնը հարստացան շարք մը հետաքրքական ձեռքբերումներով այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպէս՝ համաճարակաբանութիւնը, մարդկային «էվոլիւշըն»ը եւ արհեստական բանականութիւնը:
Ահա որոշ յայտնագործութիւններ, որոնք մարդկութեան ապագայի եւ մարդու առողջութեան համար ձեռքբեումներու յոյս կու տան մեզի:
ՄԵՆՔ ՔՈՎԻՏԻ ՊԱՏՈՒԱՍՏՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆՔ
COVID-ի դէմ պատուաստներու մշակումը, հիւանդութիւնը յառաջացնող SARS-CoV-2 քորոնաժահրի յայտնաբերումէն ետք մէկ տարուան ընթացքին, անկասկած, վերջին ժամանակներու բժշկութեան մեծագոյն ձեռքբերումներէն մէկն է: Փաստուեցաւ, որ mRNA «թէքնոլոճի»ի օգտագործումով մշակուած երկու ամէնէն արդիւնաւէտ պատուաստները զգալի պաշտպանութիւն կ՛ապահովեն ծանր հիւանդութիւններէն եւ (SARS-CoV-2-ի պատճառով) մահէն:
Բայց ժահրը կը շարունակէր զարգանալ եւ ժահրի նոր տարբերակները մարդու դիմադրողական պաշտպանութիւնը շրջանցելու միջոց կը գտնէին: Բարեբախտաբար, պատուաստներ արտադրողները մշակեցին նոր պատուաստումներ, որոնք ուղղուած են ինչպէս Omicron տարբերակին, այնպէս ալ սկզբնական տարբերակին:
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ «ԷՎՈԼԻՒՇԸՆ»Ի ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐԸ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ
Այս տարի «ֆիզիոլոճի»ի եւ բժշկութեան ոլորտին մէջ Նոպէլեան մրցանակը շնորհուեցաւ Սվանթէ Փաապոյին՝ մեր նախնիներու «ճենեթիք» կապերու ոլորտին մէջ կատարած բացայայտումներուն համար: Շուէտ ճենեթիք, Լեյփցիկի (Գերմանիա) Մաքս Փլանքի էվոլիւշըն մարդաբանութեան հիմնարկի Էվոլիւշըն ճենեթիքի բաժնի տնօրէն Փաապոն յառաջամարտիկ դարձաւ հնագոյն DNAի վերակառուցման մեթոտներու մշակման հարցին մէջ:
Փաապոն եւ անոր գործընկերները յաջորդականացուցին «նեանտերթալցիներու ճինոմ»ը եւ յայտնաբերեցին «հոմինին»ներու նոր տեսակ՝ «տենիսովցիներ» (Denisovans): Հետազօտութիւնը յանգեցուց ապշեցուցիչ բացայայտման, որ նախամարդիկ խաչասերուած են անհետացած տեսակներու հետ: Այս պարզունակ խաչասերումներէն մենք ստացած ենք այնպիսի յատկանիշներ, որոնք որոշ մարդոց մօտ մինչեւ օրս պահպանուած են, այդ շարքին՝ մեծ բարձրութեան վրայ գոյատեւելու կարողութիւնը եւ խոցելիութիւնը վարակներու նկատմամբ, ինչպէս՝ COVID-ը:
ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՈՒՑԻՆ ՄԵՌԱԾ ԽՈԶԵՐՈՒ ՕՐԿԱՆՆԵՐԸ
Եէյլի համալսարանի գիտնականներու խումբը մշակած է «փըրֆիւժըն» համակարգ մը, որ կը վերականգնէ խոզի օրկաններու կենսունակութիւնը կենդանիներու մեռնելէն ետք: Համակարգը, որ յայտնի է որպէս OrganEx, արեան եւ սննդանիւթերով հարուստ հեղուկի խառնուրդ մղած է իւրաքանչիւր կենդանիի արիւնատար համակարգի միջոցով:
Այս «թէքնոլոճի»ն փոխպատուաստման համար մարդու օրկանները աւելի երկար պահպանելու կարելիութիւն կրնայ տալ:
ՀԵՏԱԶՕՏՈՂՆԵՐԸ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐ ԳՏԱԾ ԵՆ ՄԵՐ ԿՂԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կը բացայայտուի, որ մարդկային թափոնները բազմաթիւ օգտակար տեղեկութիւններ կ՛ընդգրկեն վարակաբաններու համար։
Կոյուղիի ջուրերու ուսումնասիրութեան համակարգերը հետազօտողներուն առիթ ընծայած են COVID-ի դէպքեր եւ SARS-CoV-2-ի նոր տարբերակներ յայտնաբերելու որոշ շրջաններու մէջ՝ մինչ ատոնք հիւանդութեան բռնկում կը յառաջացնէին: Կոյուղիի ջուրերու «մոնիթըրինկ»ի միջոցով գիտնականները Նիւ Եորք նահանգի եւ Մեծն Բրիտանիոյ կոյուղիներուն մէջ նաեւ «փոլիօ» յառաջացնող ժահր յայտնաբերած են: Գիտնականներուն խօսքով՝ այս տեսակի «մոնիթըրինկ»ը կրնայ նաեւ բացայայտել վերիվայրումները «օփիոիտ»ներու օգտագործման պարագային:
ՓԱԿ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՕԴԻ ՈՐԱԿԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ
Մինչեւ COVID-ի համավարակը, մեզմէ շատեր, հաւանաբար, չէին մտածեր այն մասին, թէ ինչ օդ մենք կը շնչենք փակ տարածքի մը մէջ։ Սակայն վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին պարզ դարձաւ, որ SARS-CoV-2-ը յաճախ կը տարածուի օդակաթիլային ճամբով, որ կրնայ կուտակուիլ փակ տարածքներու մէջ եւ յառաջացնել հիւանդութիւն: Բարեբախտաբար, մենք կրնանք նուազեցնել այդ վտանգը՝ օդափոխելով շէնքերը եւ զտելով այն օդը, որ կը շնչենք: Բացի ատկէ, փակ տարածքի մէջ մաքուր օդը այլ առաւելութիւններ եւս ունի՝ անիկա կը նուազեցնէ ընդհանրապէս շնչառական հիւանդութիւններու վտանգը եւ նոյնիսկ կրնայ օգնել աւելի յստակ մտածելու:
ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՒԾԵՑ ԿԵՆՍԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ
Կենսաբաններու համար ամէնէն դժուար խնդիրներէն մէկը սպիտակուցներու եռաչափ կառուցուածքի կանխատեսումն է՝ անոնց ամինաթթուներու յաջորդականութեան միջոցով: Սակայն այս տարուան սկիզբը, Google-ին պատկանող DeepMind ընկերութեան կողմէ ստեղծուած AlphaFold կոչուող արհեստական բանականութեան ծրագիրը արտօնեց որոշելու մօտաւորապէս 200 միլիոն սպիտակուցներու եռաչափ կառուցուածքը: Այս կառոյցները արդէն կարելիութիւն կը ստեղծեն գիտնականներուն բացայայտելու կենսաբանութեան առեղծուածները, եւ ատոնք կրնան յանգեցնել նոր դեղագործական միջոցներու ու գիւղատնտեսական աւելի դիմացկուն մշակաբոյսերու ստեղծման: