Այժմ, ժամանակն է մտածելու, թէ ձեր փոքրիկները ի՞նչ պիտի ուտեն վաղը դպրոց յաճախելով: Դպրոցներուն մէջ, սովորաբար, կը վաճառուին ոչ այնքան առողջարար ուտելիքներ, այդ իսկ պատճառով, եթէ դուք կը փափաքիք, որ ձեր փոքրիկները չուտեն քաղցրաւենիք եւ ոչ սննդարար ուտելիքներ, ցանկալի է, որ դուք պատրաստէք ուտելիքները:
Սննդագէտ Գայեանէ Շախատունին փոխանցած է քանի մը գաղափարներ՝ դպրոցականներու առողջ եւ թեթեւ սնունդի համար:
Պտուղներ
Ընդմիջումի համար, ամէնէն թեթեւ ուտելիքները պտուղներն են: Անոնք կը պարունակեն փոքրիկին համար բազմաթիւ օգտակար «վիթամին»-ներ եւ հանքանիւթեր: Պտուղները, ի հարկէ, չեն փոխարիներ լիարժէք ճաշատեսակները, սակայն փոքրիկին կու տան ուժ՝ մօտակայ քանի մը ժամուան համար: Միւս դրական կողմը այն է, որ պտուղները պատրաստութեան պէտք չունին. բաւարար է լուալ եւ գեղեցիկ ձեւով մանրել, եւ տեղաւորել գոցուող ամանի մը մէջ: Եթէ ընտրէք այն պտուղները, որոնք կը սիրեն ձեր փոքրիկները (այդ շարքին՝ պանանը), անոնք հաւանաբար հաճոյքով ուտեն զանոնք զբօսանքի ժամանակ:
Պտուղներու հետ միասին կրնաք դնել ընկուզեղեն, որոնք շատ յագեցնող են, եւ կը պարունակեն շարք մը սննդարար նիւթեր:
Չորահացեր եւ չիփսեր
Խանութի չորահացերը եւ չիփսերը ամէնէն վտանգաւոր ուտելիքներէն են. անոնց մէջ կան բազմաթիւ նիւթեր, որոնք կրնան ունենալ քաղցկեղածին ազդեցութիւն: Այդ պատճառով, խորհուրդ չի տրուիր փոքրիկի մը համար գնել այդպիսի ուտելիքներ:
Եթէ ձեր փոքրիկը շատ կը սիրէ չորահացեր եւ չիփսեր, ապա զանոնք կարելի է պատրաստել տնային պայմաններու մէջ. վերցուցէք բարակ մանրուած գետնախնձորը՝ չիփսերու համար, կամ ամբողջական հացահատիկէն պատրաստուած հացը՝ չորահացի համար, խառնեցէք համեմները, կանաչեղէնը եւ ձէթը, թաթխեցէք գետնախնձորի կամ հացի կտորները եւ տապկեցէք ջեռոցին մէջ: Ստացուած չիփսերը կամ չորահացերը փոքրիկը կրնայ նոյնիսկ իր հետ դպրոց տանիլ:
«Եոկուրթ»-ներ եւ պանիրներ
Կարելի է փոքրիկին համար գնել բնական «եոկուրթ» կամ պանիր: Եթէ դուք պիտի գնէք պատրաստ մթերքը, պարտադիր կարդացէք անոնց բաղադրութիւնը (բնական պանիրները պէտք է պարունակեն կաթնաշոռ) եւ ուշադրութիւն դարձուցէք պիտանելիութեան ժամկէտին. եթէ անիկա կը գերազանցէ քանի մը օրը, այդ կը նշանակէ, որ, անիկա կը պարունակէ բազմաթիւ preservative-ներ: Աւելի լաւ է ընտրել բնական պանիրները եւ «եոկուրթ»-ները, որոնք կարելի է պահել առաւելագոյնը քանի մը օր: