Կա՞ն արդեօք գիտական բացատրութիւններ՝ մարզանքով զբաղելու ժամանակ, COVID-19-ի կանխարգիլման համար դիմակ չկրելու մասին: Այս հարցումին փորձած են պատասխանել Annals of the American Thoracic Society պարբերականին մէջ հրապարակուած նոր գիտական աշխատութեան հեղինակները:
Medportal.ru-ի հաղորդումով, բոլոր մեծ բժշկական կազմակերպութիւնները կը յանձնարարեն դիմակ կրել հասարակական վայրերու մէջ «քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու համար, սակայն ֆիզիքական վարժութիւններ կատարելու ատեն, այդ շարքին՝ փակ տարածքի մէջ, դիմակը սովորաբար կը յանձնարարուի չկրել: Օրինակ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը կը պնդէ, որ մարդիկ պէտք չէ կրեն դիմակներ մարզանքի ժամանակ, որովհետեւ կրնան ազդել հանգիստ շնչելու կարողութեան վրայ:
Որոշ փորձագէտներ կը նկատեն, որ ֆիզիքական մարզումներու ժամանակ, դիմակներ կրելը կրնայ հրահրել շնչառութեան խանգարումներ: Միւս կողմէ, մարզասրահներու հետ կապուած է զանգուածային վարակման դէպքերու մեծ մասը, եւ «քորոնա» ժահրի տարածումին նաեւ կը նպաստէ այն փաստը, որ «ինթենսիւ» շնչառութիւնը կը բարձրացնէ միջավայրին մէջ ժահրի արտանետումը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայէն գիտնականներ վերլուծած են ֆիզիքական աշխուժութեան ժամանակ մարդու շնչառական եւ սրտանօթային համակարգերու վրայ դիմակներ կրելու ազդեցութեան մասին հետազօտութիւններու արդիւնքները:
Ինչպէս պարզուած է, այսօր առկայ գիտական փաստերը ցոյց կու տան, որ վարժութիւններու ժամանակ, դիմակ կրելը գրեթէ չ՛ազդեր առողջ մարդոց վիճակին վրայ: Դիմակը իսկապէս կրնայ շնչելու եւ արտաշնչելու ժամանակ ոչ մեծ ազդեցութիւն ունենալ օդի հոսանքին վրայ: Դիմակը տկար կերպով կ՛ազդէ թոքերու աշխատանքին եւ թթուածինով արեան յագեցուածութեան վրայ: Որոշ հետազօտութիւններու մէջ, դիմակի ազդեցութիւնը ընդհանրապէս չէ յայտնաբերուած:
Այդպիսով, հետազօտութիւններու տուեալները կը վկայեն այն մասին, որ դիմակը չի կրնար վնաս հասցնել մարզանքով զբաղելու ժամանակ: Ճիշդ է, գիտնականները կը նշեն, որ ֆիզիքական աշխուժութեան ժամանակ, դիմակ կրելը կրնայ յարմարաւէտ չըլլալ, որոշ պարագաներու անիկա կրնայ հեւոցի յանգեցնել:
Անհրաժեշտ է նշել, որ այդ արդիւնքները ընդունելի են բոլոր առողջ մարդոց մօտ՝ անկախ սեռէն եւ տարիքէն, սակայն ատոնք կրնան չտարածուիլ շնչառական եւ սրտանօթային հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց վրայ:
Թոքերու եւ սիրտի հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց համար կրնան բացառութիւններ ըլլալ դիմակ կրելու հարցին մէջ՝ կը նշեն գիտնականները: Նման պարագաներու, այդ խումբին համար օգուտը պէտք է բաղդատուի «քորոնա» ժահրով վարակման վտանգի հետ: Պէտք է նաեւ յիշել այն մասին, որ այդ մարդիկը կը գտնուին «քորոնա» ժահրի ծանր ընթացքի վտանգի խումբին մէջ: