«Հայփըրթէնշըն» ունեցողներու մակարդակը կը բարձրանայ ամբողջ աշխարհի մէջ, յատկապէս սեռական հասունացման շրջանին. ի դէպ, տղոց շրջանակին մէջ անիկա կը պատահի երեք-չորս անգամ աւելի յաճախ, քան աղջիկներու շրջանակին մէջ. դեռահաս տղոց մօտաւորապէս 20 առ հարիւրին մօտ արեան բարձր ճնշում կը նկատուի, գրած է Medical Xpress-ը:
Գիտական տուեալներէն մեկնելով՝ երիտասարդներու շրջանակին մէջ առողջական վիճակի վատթարացման պատճառը ճարպակալումն է. եթէ նախնական «Հայփըրթէնշըն»ը կը պատահի բնական կշիռք ունեցող դեռահասներու 1.4 առ հարիւրի մօտ եւ աւելորդ կշիռք ունեցողներու 7.1 առ հարիւրի մօտ, ապա ճարպակալում ունեցող դեռահասներու մօտ այդ ցուցանիշը կը հասնի 25 առ հարիւրի:
«Մասնաւորաբար որովայնային ճարպի յաւելումը կապուած է արեան բարձր ճնշման եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու կանուխ զարգացման հետ»,- մեկնաբանած է MedUni Vienna բժշկական դպրոցի մասնագէտ Սուզաննա Կրեպըր-Փլաթցեր:
Եթէ «Հայփըրթէնշըն»ը պայմանաւորուած է այլ հիւանդութիւններով (երկրորդական «Հայփըրթէնշըն»), անհրաժեշտ է հիմնական հիւանդութեան համապատասխան բուժում ստանալ: