Ամերիկացի գիտնականները մշակած են արեան հետազօտութիւն ուղեղի քաղցկեղի ամէնէն վտանգաւոր տեսակի՝ «կլիոմայի պայոմարքըր»ներու բացայայտման համար։ Փենսիլվէնիայի համալսարանի մասնագէտներու հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «The Journal of Neuro-Oncology» ամսագրին մէջ։
«Կլիոմա»ն ուղեղի ամէնէն տարածուած առաջնային ուռուցքն է ու միաժամանակ՝ ամէնէն ծանրը եւ դժուար վիրահատելին։ Անիկա կը հարուածէ ուղեղի կամ ոսկրածուծի «կլայըլ» բջիջները։ Սովորաբար, հիւանդութեան խորացման վերահսկողութիւնը կը կատարուի MRIի եւ համակարգչային «թոմոկրաֆի»ի օգնութեամբ, բայց ատոնցմով կրնայ դժուար ըլլալ որոշելը, որ հիւանդին վիճակը կը բարելաւուի՞, թէ՞ կը վատանայ։ Հետեւաբար, կարեւոր էր մշակել արեան հետազօտումի տեսակ մը, որ աւելի լաւ ցոյց կու տար հիւանդին առողջական վիճակը։
Մասնագէտները ուսումնասիրած են «ինթըրլիւքին-13 α2 հակաճինի ռիսեփթըրը» (IL13Ra2), որուն մակարդակները «կլիոմա» ունեցող հիւանդներու ուռուցքի հիւսուածքին մէջ բարձր են աւելի քան 75 առ հարիւրով։ Գիտնականները հետազօտած են «կլիոմա» ունեցող 79 հիւանդներու ուռուցքի հիւսուածքը եւ արեան «փլազմա»ն, ինչպէս նաեւ՝ քաղցկեղ չունեցող 23 հիւանդներու արեան «փլազմա»ն։
Գիտնականները ուսումնասիրած են արտաբջիջային «վեսիքըլ»ները՝ փոքր պղպջակներ, որոնք կ՛արտադրեն բջիջները եւ կը տեղափոխեն նիւթը այդ բջիջներէն։ Անոնք յայտնաբերած են, որ «կլիոմա» ունեցող հիւանդներուն արեան «փլազմա»ին մէջ, ստուգիչ խումբի համեմատ, IL13Ra2-ի մակարդակը զգալիօրէն բարձր եղած է։
«IL13Ra2-ը, հաւանաբար, կեդրոնացած է ուռուցքի բջիջներէն ստացուած արտաբջիջային պղպղջակներու մէջ։ IL13Ra2-ի մակարդակը արեան «փլազմա»ին մէջ յարաբերակցուած է հիւանդներու ուռուցքներու IL13Ra2-ի մակարդակին հետ։ Աւելին, անիկա կարելի է օգտագործել «թերափի»ի համար։ IL13Ra2-ի բարձր մակարդակները ինչպէս «փլազմա»ին մէջ, այնպէս ալ ուռուցքին մէջ կը վկայեն աւելի երկարատեւ կենսակայունութեան մասին։ Փաստօրէն, IL13Ra2-ի բարձր մակարդակ ունեցող հիւանդներու «փլազմա»ին մէջ կենսակայունութիւնը 6,5 ամիսով աւելի երկար եղած է, քան ատոր ցած մակարդակը ունեցող հիւանդներուն պարագային»,- նշած են գիտնականները։