Հարվըրտի համալսարանի (HU) գիտնականները բացայայտած են, որ պառկած վիճակին մէջ արեան բարձր ճնշումը կապուած է կեանքի վտանգի հետ, ինչպէս նաեւ՝ սրտի տագնապի եւ կաթուածի վտանգի։ Հետազօտութիւնը պիտի ներկայացուի 2023ին «հայփըրթէնշըն»ի վերաբերեալ Ամերիկեան սրտաբանական ընկերութեան գիտական նստաշրջանին։
Ծայրամասային նեարդային համակարգը կը կարգաւորէ արեան ճնշումը մարմնի դիրքը փոխելու ժամանակ։ Ձգողականութիւնը կրնայ յառաջ բերել արեան կուտակում նստած կամ կանգնած դիրքի պարագային՝ մարմնի որոշ մասերուն մէջ, հետեւաբար օրկանիզմը երբեմն չի կրնար անհրաժեշտ ձեւով կարգաւորել արեան ճնշումը։
Նոր աշխատանքին մէջ գիտնականները ուսումնասիրած են 11,369 մեծերու տուեալները ARIC հետազօտութենէն։ Առաջին խումբը կատարած է իր բժշկական քննութիւնը 1987-1989 թուականներուն։ Մասնակիցներուն հետեւած են, միջին, 25-28 տարի, մինչեւ հինգերորդ այցելութիւնը 2011-2013 թուականներուն։
Այն մասնակիցներուն համեմատ, որոնց արեան ճնշումը բարձր չէ եղած նստած կամ պառկած վիճակին մէջ, 130/80 column of mercury կամ աւելի բարձր ճնշում ունեցողները, 1,6 անգամ աւելի ենթակայ եղած են սրտի հիւանդութեան, 1,83 անգամ աւելի՝ սրտի անբաւարարութեան եւ 1,86 անգամ աւելի՝ կաթուած ունենալու:
Բարձր վտանգ նկատուած է նաեւ նստած վիճակի մէջ բնական եւ պառկած վիճակ մէջ բարձր ճնշում ունեցող մասնակիցներու մօտ։
Զարկերակային ճնշումի դէմ դեղերու օգտագործման տարբերութիւնները չեն ազդած բարձր վտանգի մէջ եղողներուն վրայ, խումբերէն ոչ մէկուն պարագային։
«Մեր ստացած արդիւնքները ցոյց կու տան, որ սիրտ-անօթային եւ կաթուածի վտանգի յայտնի գործօններ ունեցող մարդոց համար, կրնայ օգտակար ըլլալ զարկերակային ճշումը մէջքի վրայ պառկած վիճակի մէջ չափելու պարագային»,- նշած են գիտնականները։
Հետազօտութիւնը կը վերաբերի միջին տարիքի մարդոց: Այդ կը նշանակէ, որ արդիւնքները կրնան չվերաբերիլ տարեց մարդոց։