Արթրիտի ախտանիշները, կախեալ տեսակէն, կրնան զարգանալ աստիճանաբար կամ յարկածակի կերպով: Արթրիտը յաճախ քրոնիք հիւանդութիւն կը նկատուի: Ախտանիշները կրնան յառաջանալ եւ անհետանալ կամ ժամանակի ընթացքին պահպանուիլ:
Այնուամենայնիւ, ոեւէ անձ, որ կը զգայ հետեւեալ չորս հիմնական նախազգուշական նշաններէն որեւէ մէկը, պէտք է դիմէ բժիշկի.
1.Ցաւ. արթրիտի պատճառած ցաւը կրնայ ըլլալ յարատեւ կամ ի յայտ գալ եւ անհետանալ: Անիկա կրնայ ազդել միայն մէկ բաժնի վրայ կամ զգացուիլ մարմնի զանազան բաժիններու վրայ:
2.Ուռեցք. արթրիտի որոշ տեսակներու պարագային, ախտահարուած յօդի վրայի մորթը կը կարմրի, կ՛ուռի եւ տաք կը զգացուի շօշափելու ժամանակ:
3.Կարծրութիւն. կարծրութիւնը բնորոշ ախտանիշ է: Որոշ տեսակներու պարագային, ամենայն հաւանականութեամբ, կը պատահի առաւօտեան արթննալուն՝ գրասեղանին առջեւ նստելէ կամ երկար ժամանակ ինքնաշարժին մէջ գտնուելէն ետք: Այլ տեսակներու պարագային, կարծրութիւնը կը յառաջանայ մարզանքէ ետք կամ յարատեւ կրնայ ըլլալ:
4.Յօդը շարժելու դժուարութիւն. եթէ յօդը շարժելը կամ աթոռէն ելլելը դժուար կամ ցաւոտ ըլլայ, այդ կրնայ արթրիտի նշան ըլլալ կամ վկայել յօդերու այլ խնդիրներու մասին:
Բացի վերոնշեալ ընդհանուր նշաններէն, արթրիտի որոշ տեսակներ կրնան յառաջացնել իրենց իւրայատուկ ախտանիշները: Օրինակ՝ անչափահասներու «Րէօմաթոյտ» արթրիտը կրնայ յառաջացնել աչքերու հետ կապուած խնդիրներ, նեառեալ՝ «իւվէյթիս»ը, «իրիտիոսիքլիթիս»ը կամ «իրիթիս»ը:
Սեփթիք արթրիտը յաճախ կը յառաջացնէ տաքութիւն եւ զօրաւոր յօդացաւ: Անիկա կրնայ դառնալ արտակարգ իրավիճակ, եթէ զարգանայ եւ վերածուի «սեփսիս»ի:
Արթրիտի պատճառները
Արթրիտի բոլոր տեսակներու յառաջացման համար միայն մէկ պատճառ չկայ: Պատճառը կամ պատճառները կը տարբերին՝ կախեալ ըլլալով արթրիտի տեսակէն կամ ձեւէն:
Հաւանական պատճառները կրնան ներառել.
- վնասուածք, որ կրնայ յանգեցնել «տիճենըրաթիւ» արթրիտի
- անբնական նիւթափոխանակութիւն, որ կրնայ պատճառել յօդատապ եւ «քալսիում փայրոֆոսֆէյթ քրիսթալ»ներու կուտակումի հիւանդութիւն (CPPD)
- վարակում, ինչպէս՝ «Լայմ» հիւանդութիւնը, որ կրնայ յառաջացնել արթրիտի ախտանիշներ
- դիմադրողական համակարգի անգործառնութիւն, ինչպէս՝ այն տեսակը, որ գայլախտ եւ «րէօմաթոյտ» արթրիտ կը պատճառէ
Արթրիտի տեսակներու մեծամասնութիւնը կապուած է կարգ մը գործօններու համակցութեան հետ: Այնուամենայնիւ, շատ մը տեսակներ բացայայտ պատճառ չունին եւ կարծես անկանխատեսելի է անոնց յառաջացումը:
Արթրիտի Բուժումը
Արթրիտի բուժումը կը նպատակադրէ վերահսկել ցաւը, նուազագոյնի հասցնել յօդերու վնասը եւ բարելաւել կամ պահպանել գործառոյթն ու կեանքի որակը:
Շարք մը դեղեր եւ ապրելակերպի ռազմավարութիւններ կրնան օգնել հասնելու վերոնշեալներուն եւ՝ պաշտպանելու յօդերը հետագայ վնասուածքներէ:
Ճշգրիտ բուժումը կախեալ է անհատի մը մօտ յառաջացած արթրիտի տեսակէն: Անիկա կրնայ ներառել.
Դեղորայք
Դեղորայքը կախեալ կ՛ըլլայ արթրիտի տեսակէն: Ընդհանրապէս օգտագործուող դեղերը կը ներառեն.
- Ցաւազրկիչներ, որոնք կը նուազեցնեն ցաւը. այնուամենայնիւ, անոնք ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին բորբոքումին վրայ: Օրինակները կը ներառեն՝ ասեթամինոֆեն (Թայլընոլ) եւ թրամատոլ (Ալթրամ):
- Ոչ սթերոյտային հակաբորբոքային դեղեր (NSAIDs), որոնք կը նուազեցնեն թէ՛ ցաւը եւ թէ՛ բորբոքումը: NSAIDները հասանելի են առանց դեղագիրի կամ առցանց, ներառալ՝ «իպուբրոֆեն»ը (Ատվիլ, Մոթրին IB) եւ «նափրոքսեն սոտիում»ը (Ալեւ): Կարգ մը NSAIDներ հասանելի են որպէս քսուկներ եւ ժելեր, որոնք կրնան կիրարկուիլ յատուկ յօդերու վրայ: Անոնք ցաւոտ յօդի մորթին վրայ տարածելը կրնայ փոխել յօդի ցաւին ազդանշանները եւ նուազեցնել ցաւը:
- Հակագրգռիչներ. կարգ մը քսուկներ կը պարունակեն «մենթոլ» կամ «քափսայիսին, այն բաղադրիչը, որ կծու պղպեղը կը դարձնէ համեմաւոր:
- Հիւանդութիւնը ձեւափոխող հակարէօմաթիք դեղեր (DMARDs): Անոնք կ՛օգտագործուին Րէօմաթոյտ արթրիտի բուժման համար: DMARDները կը դանդաղեցնեն կամ կը կանգնեցնեն դիմադրողական համակարգի յարձակումը յօդերու վրայ: Օրինակները կը ներառեն՝ «մեթոթրեքսէյթ» (Թրէքսոլ) եւ «հայտրոքսիքլորոքին» (Փլէքուընիլ)
- Կենսաբանական. ճենեթիքօրէն մշակուած դեղեր, որոնք ուղղուած են զանազան սպիտակուցային մոլեքիւլներու , որոնք կապ ունին դիմադրողական արձագանգին հետ:
- Քորթիքոսթերոյտներ. «բրետնիզոն»ը եւ «քորթիզոն»ը կը նուազեցնեն բորբոքումը, ինչպէս նաեւ՝ դիմադրողական համակարգի աշխուժութիւնը կամ արձագանգները:
Բնական միջոցներ
Առողջ, հաւասարակշռուած սննդականոնը, համապատասխան մարզանքներու հետ միատեղ, ինչպէս նաեւ՝ ծխելէ եւ չափազանց ալքոլ օգտագործելէ խուսափիլը կրնան օգնել արթրիտ ունեցող մարդոց պահպանելու իրենց ընդհանուր առողջութիւնը եւ նուազեցնելու ախտանիշներու սրութիւնը:
Սննդականոն
Որոշ տեսակի ուտելիքներու օգտագործումը կրնայ օգնել նուազեցնելու բորբոքումը:
Հետեւեալ ուտելիքները, որոնք կը գտնուին միջերկրածովեան սննդականոնին մէջ, կրնան ապահովել շատ սննդանիւթեր, որոնք օգտակար են յօդերու առողջութեան համար եւ կրնան օգնել նուազեցնելու յօդերու բորբոքումը:
- ձուկ
- ընկոյզ, կաղին, կուտ
- պտուղներ եւ բանջարեղէններ
- լուբիա, բակլայ
- ձիթապտուղի ձէթ
- ամբողջական հացահատիկներ
Միւս կողմէ, արթրիտով տառապող մարդիկ պէտք է խուսափին կամ սահմանափակեն վերամշակուած ուտելիքները, որոնք յաւելուած շաքար եւ զտուած «քարպոհայտրէյթ» կը պարունակեն: Այս ուտելիքները իրականութեան մէջ կրնան վատթարացնել արթրիտի բորբոքումը:
Ֆիզիքական թերափի եւ մարզանք
Բժիշկները յաճախ ֆիզիոթերափիի «քորս» կ՛առաջարկեն՝ օգնելու համար արթրիտ ունեցող հիւանդներուն յաղթահարել որոշ մարտահրաւէրներ եւ նուազեցնել շարժունակութեան սահմանափակումները:
Թերափիի ձեւեր, որոնք կրնան առաջարկուիլ.
Ֆիզիքական թերափի. Յատուկ մարզանքներ, որոնք յարմարցուած են անհատին վիճակին եւ կարիքներուն. երբեմն անոնց կը միանայ ցաւազրկիչ բուժումներ, ինչպէս՝ պաղ կամ տաք փաթեթները եւ մարձումը:
Օքիւփէյշընըլ թերափի. Գործնական խորհուրդներ առօրեայ առաջադրանքները կառավարելու վերաբերեալ, ընտրելով մասնագիտացուած օժանդակ միջոցներ եւ սարքաւորումներ՝ յոգնածութիւնը կառավարելու եւ պաշտպանելու համար յօդերը հետագայ վնասուածքներէ:
Թէեւ արթրիտ ունեցող անհատները կրնան ցաւի կարճատեւ բարձրացում զգալ, երբ առաջին անգամ կը սկսին մարզանքը, այնուհետեւ, շարունակական ֆիզիքական աշխուժութիւնը կրնայ արդիւնաւէտ կերպով նուազեցնել երկարատեւ ախտանիշները:
Արթրիտ ունեցող մարդիկ կրնան ինքնուրոյն կամ ընկերներու հետ միասին մասնակցիլ ֆիզիքական գործունէութեան: Շատ մարդիկ կրնան նաեւ այլ պայմաններ ունենալ արթրիտի կողքին, ինչպէս՝ սրտի հիւանդութիւն, ուրեմն կարեւոր է ընտրել համապատասխան զբաղումներ:
Միատեղ ֆիզիքական մարզանքներ, որոնք յարմար են արթրիտ եւ սրտի հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց համար կը ներառեն.
- քալել
- լողալ
- հեծանիւ քշել
Առողջապահութեան մասնագէտ մը կրնայ օգնել՝ գտնելու ձեւեր առողջ ապրելակերպ եւ որակաւոր կեանք ունենալու համար:
Բուսական դեղեր
Բուժումի շարք մը բնական միջոցներ կ՛առաջարկուին տարբեր տեսակի արթրիտներու համար: Որոշ բուսական յաւելումներ կրնան թեթեւցնել ցաւը եւ բորբոքումը կամ օգնել նուազեցնելու ցաւազրկիչ դեղեր ստանալու անհրաժեշտութիւնը, որոնք կը ներառեն.
- սատանայի ճիրան
- պոսուելիա
- երիցուկ
- քրքում
- կոճապղպեղ
Այնուամենայնիւ, այն որ կը մտածէ արթրիտի որեւէ տեսակի համար բնական միջոցներ օգտագործելու մասին, նախ պէտք է խորհրդակցի բժիշկի հետ:
Գործողութիւն
Կախեալ ըլլալով անձի մը ունեցած արթրիտի տեսակէն, տարբեր վիրաբուժական բուժումներ կրնան անհրաժեշտ ըլլալ ախտահարուած յօդերուն համար: Այդ կրնայ կախեալ ըլլալ անձի մը ախտանիշներու աստիճանէն եւ թէ արդեօ՞ք այլ բուժումներ յաջողած են կամ ոչ:
Արթրիտի վիրաբուժական տարբերակները կը ներառեն.
- «սինովեքթոնիա»
- յօդերու ամբողջական փոխարինում (TJR)
- «օսթէօթոմիա»
- յօդի համատեղ միաձուլում