Ի՞նչ է արթրիտը
Արթրիտը կ՛առնչուի աւելի քան 100 «րէօմաթիք» հիւանդութիւններու եւ պայմաններու, որոնք կ՛ազդեն յօդերու վրայ:
«Արթրիտ» բառը կը նշանակէ «յօդերու բորբոքում»: Այնուամենայնիւ, բորբոքումը կրնայ ազդել նաեւ յօդը շրջապատող ջիլերու եւ նեարդակապերու վրայ:
Ախտանիշները կրնան զարգանալ աստիճանաբար կամ յանկարծակի կերպով եւ կրնան խաթարել մարդու մը առօրեայ աշխատանքները կատարելու կարողութիւնը:
Արթրիտի տեսակները
Գոյութիւն ունի արթրիտի աւելի քան 100 տեսակ: Ընդհանուր առումով, արթրիտը կարելի է բաժնել հետեւեալ կարգերուն.
Բորբոքային արթրիտ
Բորբոքումը մարմնի բուժման գործընթացի բնական մէկ մասն է: Անիկա կը պատահի որպէս պաշտպանութիւն ժահրերէն եւ մանրէներէն կամ իբրեւ «րիէքշըն» վնասուածքներու, ինչպէս՝ այրուածքները: Այնուամենայնիւ, բորբոքային արթրիտի պարագային, մարդոց մօտ բորբոքումը կը յառաջանայ առանց որեւէ ակնյայտ պատճառի:
Բորբոքային արթրիտը կը բնութագրուի «վնաս հասցնելով բորբոքումին», ինչ որ տարբեր է վնասուածքի կամ վարակի դէմ տեղի ունեցող բնական «րիէքշըն»էն: Այս տեսակի բորբոքումը անօգուտ է եւ վնաս կը հասցնէ ախտահարուած յօդերուն, յանգեցնելով՝ ցաւի, կարծրութեան եւ ուռեցքի:
Բորբոքային արթրիտը կրնայ ազդեցութիւն գործել քանի մը յօդերու վրայ եւ կրնայ վնասել յօդերուն մակերեսը, ինչպէս նաեւ՝ տակը գտնուող ոսկորը:
Օրինակները կը ներառեն.
- րէօմաթոյտ արթրիտ
- ռիէքթիվ արթրիտ
- էնքիլուզինկ սփոնթիլիտ
- սորիաթիք արթրիտ
Տիճենըրաթիւ կամ Մեքենական արթրիտ
Տիճենըրաթիւ կամ մեքենական արթրիտը հիմնականին մէջ կը վերաբերի ոսկորներու ծայրամասերը ծածկող աճառի վնասուածքին:
Հարթ, սայթաքուն աճառի հիմնական պաշտօնն է օգնել յօդերուն, որպէսզի հեզասահ շարժին: Այս տեսակի արթրիտը պատճառ կը դառնայ, որ աճառը դառնայ կոշտ եւ աւելի բարակ:
Աճառի կորուստը եւ յօդերու գործունէութեան փոփոխութիւնները փոխհատուցելու համար, մարմինը կը սկսի վերափոխել ոսկորը՝ փորձելով վերականգնել կայունութիւնը:
Այս կրնայ յառաջացնել ոչ փափաքելի ոսկրային գոյացութիւններ, որոնք կը կոչուին «օսթէօֆիթ»ներ: Յօդը կրնայ տձեւ դառնալ, ինչ որ սովորաբար կը կոչուի «օսթէօարթրիտ»:
«Օսթէօարթրիտ»ը կրնայ յառաջանալ նաեւ յօդի նախկին վնասուածքէ մը, ինչպէս՝ կոտրուածք կամ յօդի նախկին բորբոքում:
Կապակցող հիւսուածքի հիւանդութիւն
Կապակցող հիւսուածքները կ՛աջակցին, կը կապեն կամ կը բաժնեն մարմնի այլ հիւսուածքներ եւ օրկաններ: Անոնք կը ներառեն ջիլեր, «լիկամընթ»ներ եւ աճառ:
Այս հիւանդութիւնը կ՛ընդգրկէ յօդացաւ եւ բորբոքում: Բորբոքումը կրնայ յառաջանալ նաեւ այլ հիւսուածքներու մէջ՝ ներառեալ մորթը, մկանները, թոքերը եւ երիկամները: Այս կրնայ յանգեցնել տարբեր ախտանիշներու՝ ցաւող յօդերու կողքին եւ կրնայ պահանջել շարք մը տարբեր մասնագէտներու հետ խորհրդակցութիւն:
Օրինակները կը ներառեն.
- SLE կամ կարմիր գայլախտ
- սքլերոտերմա կամ համակարգային սքլերոզ
- տերմաթոմայոզիթ
- շոկրինզ
Վարակիչ արթրիտ
«Պաքթիրիա«ն, ժահրը կամ բորբոսը, որ յօդին մէջ կը մտնէ, երբեմն կրնայ բորբոքում պատճառել:
Օրկանիզմներ, որոնք կրնան վարակել յօդերը կը ներառեն.
- «սալմոնելլա» եւ «շիկելլա», որոնք կը տարածուին սննդային թունաւորումի կամ ապականումի միջոցով
- «քլամիտիա» եւ «կոնորհիա», որոնք սեռային ճամբով կը փոխանցուին
- «Հեփաթիթ C», արիւնէ արիւն վարակում, որ կրնայ տարածուիլ ասեղներու (վարակուած անձի մը ասեղը օգտագործելով) կամ փոխներարկումի միջոցով
Բժիշկ մը կրնայ յօդի վարակը բուժել հակապայոթիքներով կամ այլ հակամանրէական դեղերու միջոցով: Այնուամենայնիւ, արթրիտը երբեմն «քրոնիք» կրնայ դառնալ եւ յօդերուն հասած վնասը անշրջելի կ՛ըլլայ, եթէ վարակումը շարունակուած է որոշ ժամանակ մը:
Մեթապոլիք արթրիտ
Իւրիքաթթուն (uric acid) քիմիական նիւթ մըն է, որ կը ստեղծուի, երբ մարմինը կը քայքայէ «բիւրին»ներ կոչուող նիւթերը:
«Բիւրին»ները կը գտնուին մարդկային բջիջներու, ինչպէս նաեւ՝ շարք մը ուտելիքներու մէջ:
Իւրիքաթթուի մեծ մասը կը լուծուի արեան մէջ եւ կը հասնի երիկամները: Այնտեղէն անիկա դուրս կու գայ օրկանիզմէն մէզի միջոցով:
Կարգ մը մարդիկ ունին իւրիքաթթուի բարձր մակարդակ. կամ անոնք բնականաբար աւելի կ՛արտադրեն եւ կամ անոնց մարմինը չի կրնար բաւարար չափով արագ մաքրել միզաթթուն:
Որոշ մարդոց պարագային, իւրիքաթթուն կը հաւաքուի եւ կը կուտակուի ձեւաւորելով ասեղանման «քրիսթալ»ներ յօդին մէջ, ինչ որ կը յանգեցնէ յօդերու կտրուկ ցաւի կամ յօդատապի տագնապներու:
Տագնապները կրնան պատահիլ եւ կանգ առնել հանգրուաններով կամ դառնալ քրոնիք, եթէ միզաթթուի մակարդակը չնուազի:
Անիկա սովորաբար կ՛ազդէ մէկ յօդի կամ փոքր քանակութեամբ յօդերու վրայ, ինչպէս՝ բթամատը եւ ձեռքերը՝ ազդելով վերջոյթներուն վրայ:
Տեսութիւններէն մէկը այն է, որ միզաթթուի «քրիսթալ»ները կը ձեւաւորուին աւելի պաղ յօդերու մէջ՝ հեռու մարմնի հիմնական տաքութենէն:
Մանկութեան արթրիտ
Այս կրնայ առնչուիլ արթրիտի շարք մը տեսակներու: Անչափահաս «իտիոփէթիք« արթրիտը, որ նաեւ յայտնի է որպէս անչափահաս «ռէօմաթոյտ» արթրիտ, ամենէն տարածուած տեսակն է:
Մանկութեան պատահած արթրիտը կրնայ յօդերու յարատեւ վնաս պատճառել, որ բուժում չունի: Այնուամենայնիւ, «ռիմիշըն»ի ժամանակ (այն ժամանակը, երբ հիւանդութիւնը կանգ կ՛առնէ կամ զգալիօրէն կը պակսի) հիւանդութիւնը կը դառնայ ոչ աշխուժ:
Անիկա կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ դիմադրողական համակարգի խնդիրներով:
Սեփթիք արթրիտ
Սեփթիք արթրիտը յօդերու բորբոքում է, որ կը յառաջանայ «պաքթիրիըլ» կամ սնկային վարակի պատճառով: Անիկա սովորաբար կ՛ազդէ ծունկին եւ ազդրին վրայ՝ 100,000 մարդոցմէ 2-6ին:
Այս արթրիտը կրնայ զարգանալ, երբ «պաքթիրիա»ները կամ այլ հիւանդութիւն յառաջացնող մայքրօ-օրկանիզմներ արեան միջոցով կը տարածուին յօդին մէջ, կամ, երբ յօդը ուղղակիօրէն կը վարակուի մայքրօ-օրկանիզով մը՝ վնասուածքի կամ գործողութեան միջոցով:
«Պաքթիրիա»ներ, ինչպէս՝ «Սթաֆիլիքոքըս»ը, «Սթրեփթոքոքըս»ը կամ «Նեյսերիա կոնորհիա»ն կը յառաջացնեն սուր սեփթիք արթրիտի պարագաներու մեծ մասը:
Օրկանիզմներ, ինչպէս՝ «Մայքոպաքթիրիըմ թիւպըրքիւլոսիզ»ը եւ «Քանտիտա ալպիքանզ»ը քրոնիք սեփթիք արթրիտ կը պատճառեն: Ասիկա աւելի նուազ տարածուած է, քան՝ սուր սեփթիք արթրիտը:
Հետեւեալ պայմանները կը բարձրացնեն սեփթիք արթրիտի զարգացման վտանգը.
- առկայ յօդի հիւանդութիւն կամ վնասուածք
- արհեստական «իմփլանթ»ներ
- «պաքթիրիըլ» վարակում մարմնի այլ մասերու մէջ
- արեան մէջ պաքթիրիաներու առկայութիւն
- քրոնիք հիւանդութիւն (ինչպէս՝ շաքարախտ, «րէօմաթոյտ արթրիտ» եւ «սիքըլ սէլ» հիւանդութիւն)
- ներ-երակային կամ ներարկային թմրանիւթերու օգտագործում
- դեղեր, որոնք կը ճնշեն դիմադրողական համակարգը
- վերջերս պատահած յօդի վնասուածք
- վերջերս պատահած «արթրոսքոփի» կամ այլ գործողութիւն
- այնպիսի պայմաններ, ինչպէս՝ HIV, որ կը տկարացնէ դիմադրողականութիւնը
- շաքարախտ
- յառաջացած տարիք
Սեփթիք արթրիտը «րէօմաթոլոճիք» արտակարգ իրավիճակ է, որովհետեւ անիկա կրնայ յանգեցնել յօդերու արագ ոչնչացումին եւ մահացու ըլլալ: