Ի՞նչ է արիւնահոսութեան խանգարումը
Արիւնահոսութեան խանգարումը վիճակ մըն է, որ կ՛ազդէ արեան բնական թանձրացման վրայ: Այս գործընթացը, որ նաեւ յայտնի է որպէս լերդացում, արիւնը հեղուկ վիճակէն կը վերածէ թանձրի: Երբ մարդ կը վիրաւորուի, արիւնը բնականաբար կը սկսի լերդանալ՝ արեան զանգուածային կորուստը կանխելու համար: Երբեմն, որոշ պայմաններ կը խոչընդոտեն արեան պատշաճ թանձրացումը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել առատ կամ երկարատեւ արիւնահոսութեան:
Արիւնահոսութեան խանգարումները կրնան յառաջացնել անբնական արիւնահոսութիւն, թէ՛ ներքնապէս եւ թէ՛ արտաքնապէս: Կարգ մը խանգարումներ կրնան կտրուկ բարձրացնել մարմնէն դուրս եկող արեան քանակը: Այլ խանգարումներ արիւնահոսութիւն կը յառաջացնեն մորթին տակ կամ կենսական օրկաններու մէջ, օրինակ՝ ուղեղին:
Ի՞նչ կը յառաջացնէ արիւնահոսութեան խանգարումը
Արիւնահոսութեան խանգարումները յաճախ կը զարգանան, երբ արիւնը չի կրնար կանոնաւոր ձեւով լերդանալ: Որպէսզի արիւնը թանձրանայ, մարմինը պէտք ունի արեան սպիտակուցներու, որոնք կը կոչուին լերդացումի գործօններ եւ արեան բջիջներ՝ «փլաքէթ»-ներ: Սովորաբար, «փլաքէթ»-ները կը հաւաքուին՝ խցան կազմելով այն տեղը, ուր փճացած կամ վնասուած արիւնատար անօթը գոյութիւն ունի: Այնուհետեւ, լերդացումի գործօնները կը միաւորուին՝ կազմելով «ֆիպրինային մակարդուկ»: Այս կը պահէ «փլաքէթ»-ները իրենց տեղը եւ չի ձգեր, որ արիւնը հոսի արիւնատար անօթէն:
Արիւնահոսութեան խանգարումներ ունեցող մարդոց մօտ, սակայն, լերդացումի գործօնները կամ «փլաքէթ»-ները չեն գործեր այնպէս, ինչպէս պէտք է կամ պակաս կ՛ըլլան: Երբ արիւնը չի թանձրանար, կրնայ յառաջանալ չափէն աւելի կամ երկարատեւ արիւնահոսութիւն: Անիկա կրնայ նաեւ առաջնորդել մկաններու, յօդերու կամ մարմնի այլ մասերու յանկարծակի արիւնահոսութեան:
Արիւնահոսութեան խանգարումներու մեծ մասը ժառանգական է, որ կը նշանակէ, թէ անոնք կը փոխանցուին ծնողքէն զաւակին: Այնուամենայնիւ, կարգ մը խանգարումներ կրնան զարգանալ այլ բժշկական պայմաններու հետեւանքով, ինչպէս՝ լեարդի հիւանդութիւնը:
Արիւնահոսութեան խանգարումներու պատճառ կրնան դառնալ նաեւ.
- արեան կարմիր բջիջներու ցած քանակը
- վիթամին K-ի պակասը
- որոշ դեղերու կողմնակի ազդեցութիւնները
Դեղեր, որոնք կրնան ազդել կամ կանխարգիլել արեան լերդացումը, կը կոչուին հակաքոակիւլանթ-ներ:
Արիւնահոսութեան խանգարումներու տեսակները
Արիւնահոսութեան խանգարումները կրնան ըլլալ ժառանգական կամ ոչ ժառանգական: Ժառանգական խանգարումները կը փոխանցուին ծիներու միջոցով: Ոչ ժառանգական խանգարումները կրնան զարգանալ կամ ինքնաբերաբար յառաջանալ աւելի ուշ կեանքի մէջ: Արիւնահոսութեան կարգ մը խանգարումներ կրնան յանգեցնել ծանր արիւնահոսութեան արկածէ կամ վնասուածքէ մը ետք: Այլ խանգարումներու պարագային առատ արիւնահոսութիւն կրնայ պատահիլ յանկարծակի եւ առանց որեւէ պատճառի:
Կան բազմաթիւ տարբեր արիւնահոսութեան խանգարումներ, սակայն հետեւեալները ամենէն ընդհանրացածներն են.
- Հիմոֆիլիա A եւ B այն վիճակներն են, որոնք կը պատահին, երբ արեան մէջ լերդացումի գործօններու ցած մակարդակ գոյութիւն ունի: Անիկա պատճառ կը դառնայ զօրաւոր կամ անսովոր արիւնահոսութիւն յօդերու մէջ: Թէեւ հիմոֆիլիա-ն հազուադէպ է, անիկա կրնայ կեանքին սպառնացող բարդութիւններ յառաջացնել:
- II, V, VII, X կամ XII գործօնի պակասը արիւնահոսութեան խանգարումներ են՝ կապուած արեան լերդացումի խնդիրներու կամ արիւնահոսութեան անբնական հարցերու հետ:
- Վոն Ուիլլպրէնտ-ի հիւանդութիւնը ժառանգական արիւնահոսութեան ամենէն ընդհանրացած խանգարումն է: Անիկա կը զարգանայ, երբ արեան մէջ բացակայ է Վոն Ուիլլպրէնտ-ի գործօնը, որ կ՛օգնէ արեան թանձրացման։
Որո՞նք են արիւնահոսութեան խանգարման ախտանշանները
Ախտանշանները կրնան տարբերիլ՝ կախեալ ըլլալով արիւնահոսութեան խանգարման յատուկ տեսակէն: Այնուամենայնիւ, հիմնական նշանները կը ներառեն.
- անբացատրելի եւ դիւրին կապտուկ
- առատ դաշտանային արիւնահոսութիւն
- յաճախակի քիթէն արիւնահոսութիւն
- չափէն աւելի արիւնահոսութիւն փոքր կտրուածքներէ կամ վնասուածքէ
- արիւնահոսութիւն յօդերու մէջ
Անմիջապէս նշանակեցէք բժիշկին հետ հանդիպում, եթէ ունիք այս ախտանշաններէն մէկը կամ քանի մը հատը: Ձեր բժիշկը կրնայ ախտորոշել ձեր վիճակը եւ օգնել կանխելու արեան որոշ խանգարումներու հետ կապուած բարդութիւնները:
Ինչպէ՞ս կ՛ախտորոշուի արիւնահոսութեան խանգարումը
Արիւնահոսութեան խանգարումը ախտորոշելու համար, բժիշկը կը հարցնէ ձեր ախտանշաններուն եւ բժշկական պատմութեան մասին: Ան նաեւ ֆիզիքական հետազօտութիւն կը կատարէ։ Բժիշկին հետ ձեր ժամադրութեան ընթացքին անպայման նշեցէք.
- որեւէ բժշկական վիճակ, որ դուք ներկայիս ունիք
- որեւէ դեղ կամ յաւելում, որ դուք կը ստանաք
- վերջերս իյնալու պատմութիւն կամ «թրոմա»
- որքան յաճախ կ՛ունենաք արիւնահոսութիւն
- որքան կը տեւէ արիւնահոսութիւնը
- ինչ կ՛ընէիք նախքան արիւնահոսութիւնը սկսիլը
Այս տեղեկութիւնը հաւաքելէն ետք, բժիշկը արեան քննութիւններ կը կատարէ՝ ճիշդ ախտորոշում կատարելու համար: Այս քննութիւնները կրնան ներառել.
- արեան ամբողջական հաշուարկ (CBC), որ կը չափէ մարմնին կարմիր եւ ճերմակ արեան բջիջներու քանակը․
- «փլաքէթ»-ներու քննութիւն, որ կը ստուգէ, թէ որքան լաւ «փլաքէթ»-ները կը միաւորուին
- արիւնահոսութեան ժամանակի քննութիւն, որ կ՛որոշէ, թէ որքան արագ արիւնը կը թանձրանայ արիւնահոսութիւնը կանխելու համար։
Ինչպէ՞ս կը բուժուին արիւնահոսութեան խանգարումները
Բուժման տարբերակները կախեալ են արիւնահոսութեան խանգարման տեսակէն եւ անոր ծանրութենէն: Թէեւ բուժումները չեն կրնար բուժել արիւնահոսութեան խանգարումները, անոնք կրնան օգնել թեթեւցնելու որոշ խանգարումներու հետ կապուած ախտանշանները:
Երկաթի յաւելում
Բժիշկը կրնայ նշանակել երկաթի յաւելումներ՝ ձեր օրկանիզմին մէջ երկաթի քանակը լրացնելու համար, եթէ ունիք արեան զգալի կորուստ: Երկաթի ցած մակարդակը կրնայ յանգեցնել երկաթի պակասի՝ «անիմիա»-ի: Այս վիճակը կրնայ պատճառ դառնալ տկարութեան, յոգնածութեան եւ գլխապտոյտի: Կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ արեան փոխներարկում, եթէ ախտանշանները չբարելաւուին երկաթի յաւելումներով:
Արեան փոխներարկում
Արեան փոխներարկումը կը փոխարինէ կորսնցուցած արիւնը արիւնատուէն առնուած արիւնով: Արիւնատուին արիւնը պէտք է համապատասխանէ ձեր արեան խումբին` բարդութիւններէ խուսափելու համար: Այս ընթացակարգը կրնայ կատարուիլ միայն հիւանդանոցին մէջ:
Այլ բուժումներ
Արիւնահոսութեան որոշ խանգարումներ կրնան բուժուիլ տեղական արտադրանքներով կամ քիթի «սփրէյ»-ներով: Այլ խանգարումներ, ներառեալ հիմոֆիլիա-ն, կրնայ բուժուիլ գործօնը փոխարինող բուժումի միջոցով: Այս կը ներառէ լերդացման գործօնի խտանիւթերու ներարկում ձեր արեան մէջ: Վերոնշեալ ներարկումները կրնան կանխել կամ վերահսկել չափազանց արիւնահոսութիւնը:
Դուք կրնաք նաեւ թարմ սառած փլազմա-ի փոխներարկում ստանալ, եթէ ձեր մօտ որոշ լերդացման գործօններ չկան: Թարմ սառած փլազմա-ն կը պարունակէ V եւ VIII գործօններ՝ երկու կարեւոր սպիտակուցներ, որոնք կ՛օգնեն արեան լերդացման: Այս փոխներարկումները պէտք է կատարուին հիւանդանոցին մէջ։
Որո՞նք են արիւնահոսութեան խանգարումներու հաւանական բարդութիւնները
Արիւնահոսութեան խանգարումներու հետ կապուած բարդութիւններու մեծ մասը կարելի է կանխել կամ վերահսկել բուժման միջոցով: Այնուամենայնիւ, անհրաժեշտ է կարելի եղած չափով շուտ բուժում ստանալ: Յաճախ բարդութիւններ կը յառաջանան, երբ արիւնահոսութեան խանգարումները շատ ուշ կը բուժուին:
Արիւնահոսութեան խանգարումներու ընդհանուր բարդութիւնները կը ներառեն.
- արիւնահոսութիւն աղիքներուն մէջ
- ուղեղի արիւնահոսութիւն
- արիւնահոսութիւն յօդերու մէջ
- յօդացաւ
Բարդութիւններ կրնան յառաջանալ նաեւ, եթէ խանգարումը ծանր է կամ կը յառաջացնէ արեան չափազանց կորուստ:
Արիւնահոսութեան խանգարումները կրնան մասնաւորաբար վտանգաւոր ըլլալ կիներու համար, յատկապէս, եթէ անոնք արագ չբուժուին: Չբուժուած արիւնահոսութեան խանգարումները կը բարձրացնեն ծննդաբերութեան, վիժումի եւ յղութիւնը ընդհատելու ժամանակ չափազանց արիւնահոսութեան վտանգը: Արիւնահոսութեան խանգարումներ ունեցող կիներ կրնան նաեւ ունենալ շատ զօրաւոր դաշտանային արիւնահոսութիւն: Այս կրնայ յանգեցնել սակաւարիւնութեան (anemia), վիճակ մը, որ տեղի կ՛ունենայ, երբ մարմինը չ՛արտադրեր բաւարար կարմիր արեան բջիջներ՝ թթուածինը դէպի հիւսուածքներ տեղափոխելու համար: Սակաւարիւնութիւնը կրնայ յառաջացնել տկարութիւն, շնչահեղձութիւն եւ գլխապտոյտ:
Եթէ կին մը ունի «էնտոմեթրիոզ», ան կրնայ ունենալ մեծ արեան կորուստ, որ չի կրնար տեսնել, որովհետեւ անիկա «պահուըտած» կ՛ըլլայ որովայնի կամ կոնքի տարածքին մէջ:
Կարեւոր է անմիջապէս հեռաձայնել բժիշկին, եթէ ունիք արիւնահոսութեան խանգարման որեւէ ախտանշան: Ժամանակին բուժում ստանալը կ՛օգնէ կանխելու որեւէ հաւանական բարդութիւն: