Ստեփանակերտի ծայրամասը՝ պենզինի պահեստի պայթումէն վիրաւորուած 200-էն աւելի ծանր վնասուածքներ ունեցող անձեր կը գտնուին հիւանդանոցներու մէջ։ Ինչպէս նաեւ կան ռազմական յարձակումներու հետեւանքով վիրաւորներ, որոնց շարքին են նաեւ բազմաթիւ խաղաղ բնակիչներ` փոքրիկներ, կիներ: Այս մասին BBC-ի լրատուական ծառայութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեան։
«Բնակչութիւնը տասը ամիս գտնուած է շրջափակումի մէջ եւ չէ ունեցած կենսականօրէն անհրաժեշտ բժշկական ծառայութիւններու եւ դեղերու հասանելիութիւն: Անոնցմէ շատերը ունին թեր-սնուցում եւ բազմաթիւ «քրոնիք» հիւանդութիւններ»,- ըսած է նախարարը եւ ներկայացուցած՝ Արցախի շրջափակման, բռնի տեղահանման եւ պայթումի հետեւանքով վիրաւոր մարդոց առողջապահական խնդիրները:
«Մարդիկ գտնուած են ճամբուն վրայ աւելի քան 50 ժամ, որու հետեւանքով անոնց «քրոնիք» հիւանդութիւնները աւելի սաստկացած են: Մեր բժշկական մարզին մէջ աշխատողները, շտապօգնութեան հիւանդատար ինքնաշարժները կ՛ընեն ամէն բան, որպէսզի յաղթահարեն այս ճգնաժամային իրավիճակը»,- ըսած է Աւանեսեան։
Ան նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը, հիւանդանոցներն ու առողջութեան պահպանման առաջնային օղակը կատարած է եւ կը շարունակէ կատարել ամէն բան` մարդոց առաջնային բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ՝ կացարան եւ սնունդ ապահովելու համար:
«Աւելի քան 100,000 մարդ քանի մը օրուան մէջ, լքած է իր հայրենիքը, իր տունը՝ ունենալով իր հետ ընդամէնը մէկ պայուսակ։ Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, որպէսզի ապահովենք անոնց կացարանը եւ տանք ապրելու յոյս, որովհետեւ անոնք լքած են ամէն բան։ Հետեւաբար՝ մենք պէտք է անոնց յոյս տանք եւ ըլլանք անոնց կողքին»,-ըսած է նախարարը