Փոքրիկներու պարագային աւելորդ կշիռքը կապուած է զարկերակային գերճնշումի զարգացման բարձր հաւանականութեան հետ: Այս մասին կը յայտնէ Kaiser Permanente բժշկական ընկերութիւնը։
Հետազօտութեան ծիրին մէջ ընկերութեան մասնագէտները ուսումնասիրած են 2008-2015 թուականներուն իրենց մօտ բուժում ստացած 801,019 երիտասարդի բժշկական քարտերը՝ անոնց կենսաբժշկական «փերեմիթր»ներուն ծանօթանալու եւ փոքրիկներու պարագային զարկերակային գերճնշման առկայութիւնը ստուգելու համար:
Մասնակիցները բաժնուած են կշիռքային երեք խումբի՝ ցած, միջին եւ ծանր:
Բացայայտուած է, որ ծանր կշիռք ունեցող դեռահասներու պարագային յառաջիկայ 5 տարուան մէջ զարկերակային գերճնշումի զարգացման հաւանականութիւնը 26 առ հարիւրով աւելի բարձր էր, քան միջին կշիռք ունեցող դեռահասներու պարագային։ Եւ հետեւաբար, տարուան ընթացքին մարմնի զանգուածի «ինտեքս»ի բարձրացումը իւրաքանչիւր 1 միաւորով կը բարձրացնէր հիւանդութեան զարգացման վտանգը եւս 4 առ հարիւրով։
Միեւնոյն ժամանակ հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ զարկերակային գերճնշումի զարգացման վտանգը աւելի բարձր էր տղոց, ինչպէս նաեւ պետութեան կողմէ ֆինանսաւորուող բժշկական ապահովագրութենէն օգտուող փոքրիկներու մօտ։