Թթու կաղամբը, ընկոյզը եւ արեւածաղիկի սերմերը այն ուտելիքներէն են, որոնք կ՛օգնեն նիհարնալու կամ պահպանելու ձգուած որովայնը եւ մէջքը 40 տարեկանէն ետք:
Eat this, Not that!-ի սննդագէտ եւ բժշկական մասնագէտ, փիլիսոփայութեան տոքթոր Լիզա Եան թուարկած է հինգ ուտելիք, որոնք կը դիւրացնեն 40 տարեկանէն ետք բարեկազմ մնալը:
Բժիշկին խօսքով՝ այս ուտելիքներուն օգտագործումը կը նպաստէ ֆիզիքական գործունէութեան ընթացքին ճարպերու այրումի աշխուժացման։
Կտաւի սերմեր
Կտաւի սերմերը օմեկա-3 ճարպաթթուներու հիանալի աղբիւր են՝ բջիջանիւթի հետ համադրուած: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ օրական մօտաւորապէս 30 կրամ բջիջանիւթ օգտագործելը կրնայ նուազեցնել կշիռքը:
Հատապտուղներ
Հատապտուղները հարուստ են բջիջանիւթով, ջուրով, հակաբորբոքային «հակաօքսիտանդ»ներով եւ «ֆիթոքիմիական» նիւթերով, որոնք բոլորն ալ խթանող ազդեցութիւն ունին նիւթափոխանակութեան վրայ։
«Եթէ կը փափաքիք նիհարնալ 40 տարեկանին, սկսեցէք աւելցնել ազնուամորի, հապալաս կամ ելակ ձեր վարսակի ալիւրին, մածունին կամ «սմութի»ներուն մէջ»,- յանձնարարած է մասնագէտը:
Ավոքատօ
Ջուրի բարձր պարունակութեան հետ մէկտեղ ավոքատոյի պտուղները կը պարունակեն ցած քալորիականութեամբ մանրաթելեր: Nutrition Journal-ին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ ճաշի ժամանակ կէս ավոքատօն կ՛օգնէ կուշտ զգալու յաջորդ երեք-հինգ ժամուան ընթացքին: Բացի ատկէ, այս ուտելիքը արդիւնաւէտօրէն կը նուազեցնէ քաղցրաւենիքի հանդէպ հակումը:
Ընկուզեղէն եւ արեւածաղիկի սերմեր
Ընկուզեղէնի եւ արեւածաղիկի սերմերուն մէջ գտնուող «մայքրօ-էլեմընթ»ները կը ներառեն «հակաօքսիտանթ»ներ, ինչպէս՝ «սերոթոնին»ը, «թոքոֆերոլ»ները (վիթամին E), «ֆլավոնոյտ»ները եւ «ռեսվերաթրոլ»ը: Ատոնք հարուստ են նաեւ բջիջանիւթով, սպիտակուցներով եւ առողջ ճարպերով: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ ընկուզեղէնի եւ արեւածաղիկի սերմերու օգտագործումը արդիւնաւէտօրէն կը բարձրացնէ «ինսուլին»ի նկատմամբ զգայունութիւնը, ինչ որ կը նուազեցնէ ածխաջուրեր ուտելու ժամանակ ճարպերու բարձրացման վտանգը, իսկ հիմնական պայմանը՝ պէտք է խիստ չափաւոր ուտել։
Թթու կաղամբ
Թթու կաղամբը կ՛ընդգրկէ ինչպէս «փրոպայոթիք»ներ, այնպէս ալ «փրեպայոթիք»ներ: Բացի ատկէ, թթու կաղամբը քիչ «քալորի»ներ եւ ճարպեր կը պարունակէ, հարուստ է բջիջանիւթով եւ սննդարար նիւթերով (երկաթ, «ֆոլաթթու», «մանկանիզ», վիթամին C, վիթամին K1, պղինձ, «քալսիում»), որոնք կը նպաստեն երկարատեւ յագեցման: Իր կարգին, թթու կաղամբի «փրոպայոթիք»ները կրնան նուազեցնել ճարպի կլանումը: