Եգիպտական Պենի Սուեֆ քաղաքին մէջ, բժիշկները մարդու մը շնչափողէն կենդանի ձուկ հանած են, յայտնած է Daily Star հրատարակութիւնը:
Հիւանդը ձկնորս մըն է, որ ընկերոջ հետ, այդ օր, լողալու ժամանակ ձուկ տեսած է: Մինչ ան կը բռնէ ձուկը, կը նկատէ ուրիշ մը եւ բերանով կը բռնէ առաջինը՝ փորձելով ոչ մէկը ձգել: Անսպասելիօրէն ձուկը կը մտնէ անոր բերանը եւ կը մնայ կոկորդին մէջ:
Մարդը չկարենալով բնական շնչել, շտապ կը տեղափոխուի հիւանդանոց: Քննելէ ետք, բժիշկները զարմանքով կը տեսեն, որ անոր շնչափողին վերին հատուածին փակած ձուկը դեռ կենդանի է: Հիւանդանոցի աշխատակիցները կը կարողանան անվտանգ հանել ձուկը մարդուն կոկորդէն:
Բժիշկ Միխայէլ Իպրահիմի խօսքով՝ հիւանդը կը մնայ բժիշկներու հսկողութեան տակ եւ դուրս կու գայ հիւանդանոցէն, երբ ինքզինք աւելի լաւ զգայ: