Չինաստանի մէջ բժիշկները, 23 տարեկան երիտասարդի մը ուղեղէն, մօտաւորապէս 13 սանթիմեթր երկարութեամբ, կենդանի որդ հանած են: Որդը հիւանդին գլխուն մէջ ապրած է 17 տարի, գրած է “The Daily Mail”-ը:
Հիւանդը պատմած է, որ 6 տարեկանէն տարօրինակ խնդիրներ զինք կ՛անհանգստացնէին. վերջոյթները կը քարանային: Սակայն ծնողները միշտ կ՛անտեսէին փոքրիկին բողոքները, հետեւաբար, ան երբեք բժիշկներուն չէր դիմած` իր վիճակը «ճենեթիք» հիւանդութեան դրսեւորում նկատելով:
Ան դիմած էր մասնագէտներու միայն այն ժամանակ, երբ վերջնականապէս կորսնցուցած էր զգայնութիւնը իրանի վերին աջ մասին մէջ:
Բժիշկները կ՛ենթադրեն, որ որդը հիւանդին օրկանիզմին մէջ մտած էր հում միս, օրինակ` գորտ կամ օձ ուտելու հետեւանքով: