Մէկ անգամ օգտագործելու համար ստեղծուած բժշկական դիմակները լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն միջավայրին համար, յայտնած են Փորթսմութի համալսարանի գիտնականները:
Ինչպէս փոխանցած է «The Coversation»-ը, վերոնշեալ մասնագէտները կոչ կ՛ուղղեն հրաժարելու այդ դիմակներէն, որովհետեւ ատոնք վտանգաւոր են թէ՛ առողջութեան եւ թէ՛ միջավայրին համար: Ամէն ամիս, մարդիկ միլիառաւոր դիմակներ կ՛օգտագործեն, որոնց մեծ մասը պատրաստուած է «փլասթիք» նիւթերէ: Այսպիսի նիւթեր կը պահուին միջավայրին մէջ տասնեակ եւ հարիւրաւոր տարիներ:
Նշենք, որ արդէն այսօր, տասնեակ եւ հարիւրաւոր օգտագործուած դիմակներ կը գտնուին ծովափերուն վրայ, անտառներու մէջ…
Գիտնականներու խօսքով՝ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ, «փլասթիք»-է թափուկները վնաս կը հասցնեն միջավայրին եւ մարդոց: Որոշ անասուններ կրնան սխալմամբ զանոնք օգտագործել սնունդի մէջ:
Նետուած դիմակները կրնան «քորոնա» ժահրի բռնկում յառաջացնել աղբը հաւաքողներու համար, որովհետեւ նման պայմաններու մէջ, ժահրը կը պահպանուի դիմակներու վրայ մինչեւ 7 օր:
Այդ աղէտը կանխելու համար, գիտնականները խորհուրդ կու տան հրաժարելու՝ մէկ անգամ օգտագործելու համար ստեղծուած դիմակներէն եւ օգտագործելու «ֆիլթր»-ներ ընդգրկող մէկ անգամէ աւելի օգտագործելու համար ստեղծուած դիմակներ: