Սթենֆըրտի բժշկական համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ զօրաւոր եւ կեդրոնացած ֆիզիքական վարժութիւններէն ետք, մարդու օրկանիզմին մէջ կը յառաջանան կուշտ ըլլալու յատուկ «մոլեքիւլ»ներ։ Այդ նիւթերը կը յառաջանան շաքարախտի դէմ օգտագորուող «մեթֆորմին» հանրայայտ դեղի ստացման պարագային։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Nature Metabolism» ամսագրին մէջ։
Շաքարախտ ունեցող մարդոց (որոնք ստացած են «մեթֆորմին» արեան մէջ շաքարի մակարդակը վերահսկելու համար) արեան ուսումնասիրութեան ժամանակ գիտնականները բացայայտած են, որ այդ դեղը կը խթանէ lac-phe կոչուող «մոլեքիւլ»ի յառաջացման։ Lac-phe-ն երբեմն կ՛անուանեն «կուշտ ըլլալու մոլեքիւլ» նիւթափոխանակութիւնը կարգաւորելու եւ ախորժակի կառավարումը բարելաւելու անոր ունակութեան պատճառով։
Հետագայ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ օրկանիզմին մէջ lac-phe-ի քանակը կարելի է աւելցնել ոչ միայն դեղերով, այլեւ ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութիւններու օգնութեամբ։ Գիտնականները բացայայտած են, որ «կուշտ ըլլալու մոլեքիւլներու» յառաջացումը կ՛արագանայ զօրաւոր մարզումներու աւարտին։
Դժուար մարզանքները կրնան խթանել «կլիւքոզի քայքայում»ը օրկանիզմին մէջ (ատով իսկ իջեցնելով արեան մէջ շաքարի մակարդակը) եւ զօրացնել հիւսուածքներուն մէջ «լաքթէյթ»ի (կաթնաթթուի) գոյացումը։ «Լաքթէյթ»ը բջիջային նիւթափոխանակութեան արդիւնք է, որ կը յառաջանայ մկաններու զգալի ծանրաբեռնուածութեան պարագային։ Գիտնականները lac-phe-ն բնութագրած են որպէս «լաքթէյթ»ի եւ ամինաթթուներու «խառնուրդ», որ կը կոչուի «ֆենիլալանին»։
Մասնագէտներու կարծիքով՝ lac-phe-ի յառաջացումով պայմանաւորուած է անօթութեան զգացողութեան բացակայութիւնը «ինթենսիվ» վարժութիւններէն ետք։