Միջին տարիքի կիներու մօտ, որոնք երբեք միս չեն ուտեր, ազդրի կոտրուածք ունենալու հաւանականութիւնը կրնայ աւելի մեծ ըլլալ, քան այն կիներուն մօտ, որոնք կանոնաւոր կերպով միս եւ/կամ ձուկ կ՛ուտեն, յայտնած են գիտնականները BMC Medicine ամսագրին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան մէջ:
Հետազօտողները կը կասկածին, որ մարմնի ցած զանգուածի ինտեքսը եւ սննդանիւթերու պակասը որոշ դեր կը խաղան:
Մարմնի զանգուածի ինտեքսը՝ (ՄԶԻ) օրկանիզմին մէջ ճարպի քանակի գնահատումն է, որ հիմնուած է կշիռքի եւ հասակի վրայ: Հետազօտութեան մասնակցած բուսակերներու միջին ՄԶԻ-ը քիչ մը աւելի ցած եղած է, քան միս ուտողներու մօտ:
Հետազօտութեան հեղինակ, Անգլիոյ Լիտսի համալսարանի Սնունդի գիտութեան եւ սննընդունման դպրոցի գիտութիւններու տոքթոր Ճեյմս Վեպսթըր բացատրած է, որ աւելի քիչ ճարպային զանգուած ունեցող մարդիկ իյնալու պարագային աւելի նուազ «ամորթիզացիա» ունին, իսկ իյնալը ազդրի կոտրուածքներու 90 առ հարիւրի պատճառն է։
Մասնագէտը թուարկած է այն քայլերը, որոնք բուսակերները կրնան ձեռնարկել իրենց ոսկորները աւելի լաւ պաշտպանելու համար. այդ մէկը առողջ կշիռքի պահպանումն է։
Բացի ատկէ, շատ պտուղներ եւ բանջարեղէն, ընկոյզներ, լոպազգիներ եւ ամբողջական ձաւարեղէն ուտելը կ՛ապահովէ ոսկորներու առողջութիւնը եւ՝ կոտրուածքներու կանխարգիլման համար անհրաժեշտ սննդանիւթերու մեծ մասը, աւելցուցած է ան։
Ծխելէն եւ չափէն աւելի ալքոլ օգտագործելէն հրաժարիլը եւ կանոնաւոր մարզանք ընելը եւս կ՛օգնեն պահպանելու ոսկորներու ամրութիւնը։