Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ գերմշակուած սնունդի մեծ քանակութեամբ օգտագործումը կը յանգեցնէ շարք մը հիւանդութիւններու, այդ շարքին՝ շաքարախտի, սրտանօթային եւ ուղեղանօթային հիւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ թուլամտութեան։
Վերջերս կատարուած միջազգային հետազօտութիւնը կապ յայտնաբերած է գերմշակուած սնունդի օգտագործման եւ ուղեղի կառուցուածքին միջեւ։
Հետազօտութիւնը կատարուած է Մեծն Բրիտանիոյ կենսապանքի տուեալներու հիման վրայ եւ ընդգրկած է Մեծն Բրիտանիոյ մօտաւորապէս 30 հազար միջին տարիքի մարդիկ։ Անիկա կատարուած է Հելսինքիի համալսարանի O’BRAIN տարրալուծարանին կողմէ, որ Մոնթրէալի նեարդաբանական հիմնարկի համագործակցութեամբ կ՛ուսումնասիրէ ուղեղի եւ ճարպակալումի միջեւ փոխադարձ կապը։ Այս աշխատանքը հրապարակուած է npj Metabolic Health and Disease բժշկագիտական ամսագրին մէջ։
«Մեր արդիւնքները ցոյց կու տան, որ գերմշակուած սնունդի մեծ քանակութեամբ օգտագործումը կապուած է սննդային վարքագիծը կարգաւորող ուղեղի հատուածներու, մասնաւորաբար՝ «հիփոթալամուս»-ի, «պոչային» միջուկի եւ աջ յարակից միջուկի կառուցուածքային փոփոխութիւններու հետ: Այդ կրնայ յանգեցնել չափէն աւելի ուտելու «սիքլ»-ի: Այնուամենայնիւ, այդ կապը ամրապնդելու համար տակաւին անհրաժեշտ են երկարաժամկէտ եւ փորձարարական հետազօտութիւններ», -ըսած է Հելսինքիի համալսարանի Դոկտորայի-հետազօտող Արսէն Քանեամիպվան:
Հետազօտութիւնը յայտնաբերած է, որ գերմշակուած սնունդի եւ շատակերութեան միջեւ կապը չի կրնար բացատրուիլ միայն անոնց հետեւանքով յառաջացող բորբոքումով կամ ճարպակալումով։ Ուղեղի փոփոխութիւնները կրնան բացատրուիլ նաեւ գերմշակուած սնունդ պատրաստելու համար օգտագործուող բաղադրիչներով, «էմուլսիֆայըր»-ներով եւ այլ յաւելումներով։ Քանեամիպվան կ՛ենթադրէ, որ գերմշակուած սննդամթերքի վնասակար ազդեցութեան պէտք է աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել ինչպէս անհատական սննդականոնի ընտրութեան, այնպէս ալ սնունդի կարգաւորման եւ սննդային քաղաքականութեան մէջ։ Այնուամենայնիւ, ան նշած է, որ պէտք չէ խուսափիլ բոլոր վերամշակուած սննդամթերքներէն։
«Մասնաւորաբար, կարելի է յանձնարարել վերամշակուած բուսական սնունդ, յատկապէս՝ սառած բանջարեղէն: Վերամշակման առաւելութիւններու այլ լաւ օրինակ մըն է կաթի «փասթերիզացում»-ը», -նշած է գիտնականը: