Գիշերը յանկարծակի արթննալը, որպէս կանոն, կը բացատրուի ժամանակաւոր խնդիրներով, բայց նաեւ պատճառը կրնայ ըլլալ «քրոնիք» խանգարումը, որ կը պահանջէ քլինիքային բուժում, կը յայտնեն մասնագէտները «The Health Site» պարբերականին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ:
Քունի «էփնիա»
Ամէնէն տարածուած պատճառներէն մէկն է, որ կրնայ յանգեցնել գիշերուան կիսուն անսպասելիօրէն արթննալու: «Էփնիա»ն կը բնութագրուի քնացած մարդու շնչառութեան խանգարումով, ատոր կանգնումով եւ բարձր խռմփոցով: Շնչառութեան կանգնումի ժամանակ մարդու ուղեղը թթուածնային սով կ՛ապրի, եւ կ՛ենթադրուի, որ «էփնիա»ով տառապող մարդիկ կրնան հակում ունենալ ուղեղի հիւանդութիւններու, այդ շարքին՝ տկարամտութեան:
Միզելու ցանկութիւն
Շատ բժիշկներ կը պնդեն, որ առողջ օրկանիզմը պէտք է դիմանայ ութժամեայ գիշերային քունին՝ առանց արթննալու արտաքնոց երթալու համար։ Այնուամենայնիւ, եթէ միզելու ցանկութիւն յառաջանայ, չնայելով որ մարդը շատ ջուր չէ խմած եւ դեղեր չէ ստացած, անոր մօտ կրնայ կասկածելի ըլլալ «գերաքթիւ» միզապարկ, շաքարախտ, շագանակագեղձի խնդիրներ (տղամարդոց մօտ), սրտի հիւանդութիւն:
Քրտնարտադրութիւն
Առատ քրտնարտադրութեան պատճառով գիշերուան կիսուն արթննալը կրնայ դիտուիլ որպէս սուր շնչառական ժահրային վարակներու, շաքարախտի եւ «էնտոքրին» այլ խանգարումներու, ինչպէս նաեւ՝ քաղցկեղի պարագայ:
Ալքոլ եւ սնունդ
Ալքոլի օգտագործումը կրնայ վտանգել «սիրքատային» ռիթմը եւ կրճատել քունի «սայքըլ»ը, ուստի նախօրէին խմելէն ետք կրնաք անսպասելիօրէն արթննալ սխալ ժամանակին: Ինչ կը վերաբերի սնունդին, ապա քնանալէն անմիջապէս առաջ կերած ծանր սնունդը կրնայ խանգարել մարսողութիւնը, յառաջացնել մարսողութեան խանգարում կամ փքուածութիւն, որոնք նոյնպէս կը գործեն որպէս զարթուցիչ:
Կապոյտ գոյնի overdose
«Սմարթֆոն»ները կ՛արձակեն կապոյտ լոյս, որ, ինչպէս յայտնի է, բացասաբար կ՛ազդէ քունի եւ արթննալու «սայքըլ»ին վրայ։ «Կատճեթ»ներու յարատեւ օգտագործումը, յատկապէս երեկոյեան եւ քնանալէն առաջ, օրկանիզմը կ՛ենթարկէ կապոյտ լոյսի «ինթենսիւ» ազդեցութեան, եւ այդ կրնայ վտանգել քնանալու եւ արթննալու «մեքանիզմ»ները։