Գերմանիայէն գիտնականներ կը մշակեն արեան քննութիւն մը, որ 83 առ հարիւր ճշգրտութեամբ կը կանխատեսէ յառաջիկայ տարիներուն մարդու մահուան կարելիութիւնը:
Հետազօտութեան ծիրին մէջ, գիտնականները արեան մէջ 14 «պայոմարքըրներ» յայտնաբերած են, որոնք ըստ էութեան կ՛ազդեն մահուան վտանգին վրայ: Անոնք հիմնականին մէջ կապուած են դիմադրողականութեան համակարգի, շաքարի մակարդակի վերահսկումի, բորբոքային ընթացքի զարգացման հետ եւ այլն:
Կամաւորներու մասնակցութեամբ, փորձերը հաստատած են, որ տուեալ «պայոմարքըրներ»-ը կրնան 2-16 տարիներու ընթացքին 83 առ հարիւր ճշգրտութեամբ կանխատեսել մարդու մահը:
Գիտնականները յոյս ունին, որ իրենց մշակումը կը կիրառուի բժշկութեան մէջ, մասնաւորապէս տարեց հիւանդներու առողջութեան վիճակի գնահատման համար, որոնց գործողութեան միջամտութիւն կը սպասուի: Մինչ այդ, արեան նորարարական քննութեան կատարման համար աւելի մեծ քլինիքական փորձեր անհրաժեշտ են:
Մաքս ՓլանՔի անուան ընկերակցութեան Ծերացման կենսաբանութեան հիմնարկի մասնագէտներու հետազօտութիւններու արդիւնքներով գիտական յօդուածը ներկայացուած է Nature Communications ամսագիրին մէջ: