Սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ «տիմենշիա»ի վտանգը նուազեցնելու համար իտալացի գիտնականներ առաջարկած են սնունդին ծաղիկներ աւելցնել։ Նեափոլի Ֆրետերիք II համալսարանի գիտնականներու հետազօտութիւնը հրապարակուած է Plants ամսագրին մէջ:
Գիտնականները վերլուծած են աւելի քան 250 բուսատեսակներու տուեալները։ Ամենաշատ տեղեկատւութիւն գիտնականները գտած են շամբուկի ծաղիկներու օգտագործման մասին։ Ատոնք հարուստ են բուսական «ֆենոլ»ներով, որոնք կը հակազդեն օրկանիզմին մէջ բորբոքման ինչպէս նաեւ նուազեցման՝ աթերոսքլերոզի եւ յօդերու հիւանդութիւններու վտանգը։
Խատուտիկները (dandelions), որոնք կը գտնուին ամբողջ աշխարհի մէջ (բացի Անթարքթիքայէն), նոյնպէս կրնան օգտագործուիլ խոհարարութեան մէջ եւ հակաօքսիտանդներու աղբիւր դառնալ։ Թաւշածաղիկները (velvet flowers) ունին հակաբորբոքային, հակամանրէային եւ վէրքերը բուժող յատկութիւն։ Կ՛ենթադրուի, որ ատոնք նաեւ կը նուազեցնեն արեան մէջ շաքարի ու «լիփիտ»ներու մակարդակը:
Հետազօտութիւնը կը բացայայտէ ճաշակելի ծաղիկներու ներուժը՝ որպէս շատ հիւանդութիւններու կանխարգիլման լրացուցիչ միջոց։ Հեղինակները կը կարծեն, որ ծաղիկները կարելի է օգտագործել նաեւ մաշկի երիտասարդացման միջոցներ արտադրելու, տարեցներու դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու եւ «նիւրօտիճենըրէյշըն»ը կանխելու կամ մեղմացնելու համար: