Նոր զօրաւոր «միւթընթ» ժահրի տեսակը, որ կը յառաջացնէ Covid-19, աշխարհի երկիրներուն կը ստիպէ զգուշանալ, որովհետեւ գիտնականները կը փորձեն հասկնալ, թէ որքա՞ն անիկա տարածուած է եւ որքանո՞վ կրնայ մեր դիմադրողականութիւնը պաշտպանել մեզ ժահրէն, տեղեկացուցած է CNN-ը։
Նոր տեսակը BA.2.86, որ ընկերային ցանցերուն մէջ կը կոչուի «Pirola», ունի աւելի քան 30 ամինաթթուային փոփոխութիւններ իր «սփայք-սպիտակուց»ին մէջ՝ մերձաւոր «ազգակիցի»՝ BA.2 Omicron ենթատեսակի համեմատ, տոքթոր Ճեսի Պլումի համաձայն, որ կ՛ուսումնասիրէ ժահրերու «էվոլիւշըն»ը Ֆրետ Հաթչինսըն հիմնարկին մէջ։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը BA.2.86-ին տուած է՝ «տեսակ, որ կը գտնուի մշտադիտարկման տակ» կարգավիճակը, ինչ որ երկիրներուն կը մղէ հետեւիլ յայտնաբերուած յաջորդականութիւնները եւ տեղեկացնել ատոնց մասին։
Մշտադիտարկուող տեսակը, որ կը յառաջացնէ աւելի ծանր հիւանդութիւն կամ չ՛ենթարկուիր գոյութիւն ունեցող պատուաստներուն եւ բուժումի մեթոտներուն, կրնայ ներառուիլ այն տեսակներու ցուցակին մէջ, որոնք հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն, կամ այն տեսակներուն, որոնք կ՛անհանգստացնեն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը։ XBB.1.5-ը, XBB.1.16-ը եւ EG.5-ը թուարկուած են որպէս հետաքրքրութիւն ներկայացնող տեսակներ։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը չէ նշած որեւէ տարբերակ, որ կրնայ մտահոգութիւն յառաջացնել։
Միայն վեց յաջորդականութիւններու մէջ BA.2.86 արձանագրուած է չորս երկիրներու մէջ, բայց համաճարակաբանները մտահոգուած են այն բանով, որ ատոնք կրնան շատ աւելին ըլլալ, որովհետեւ տեսակներու մշտադիտարկումը ամբողջ աշխարհի մէջ դադրած է։
Այս տարբերակը Իսրայէլի մէջ յայտնաբերած են գիտնականները։ «Տենմարք»ը տեղեկացուցած է երեք դէպքի մասին: Երկու դէպքի մասին խօսուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։
«Քորոնայի համար արտասովոր է այդքան զգալի փոխուիլ եւ 30 նոր «միւթէյշըն» յառաջացնել։ Վերջին անգամ այսպիսի շատ փոփոխութիւններ նկատած ենք օմիքրոնի ժամանակ»-ըսած է Statens Serum Institute-ի աւագ հետազօտող Մորթըն Ռասմուսեն։
Հիմնարկի տուեալներով՝ երեք դէպքերը «Տենմարք»ի մէջ արձանագրուած են երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ, այն մարդոց մօտ, որոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, իրարու հետ կապ չեն ունեցած։
SSI-ի գիտնականները ընդգծած են, որ առայժմ շատ կանուխ է ըսել որեւէ բան նոր տեսակի լրջութեան կամ վարակելիութեան մասին։ Անոնք կը գտնուին ժահրի տեսակի աճեցման գործընթացին մէջ, որպէսզի փորձեն զայն մարդկային հակամարմիններու մէջ։