Շատերը համոզուած են, որ սենեակի մէջ ապրող բոյսերը կը բարելաւեն սենեակի օդի որակը եւ կը մաքրեն զայն: Բայց իրականութեան մէջ այնքան ալ այդպէս չէ, կը պնդեն Տրոկսելի համալսարանի գիտնականները: 200 գիտական հետազօտութիւններու անոնց նոր ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է Journal of Exposure Science and Environmental Epidemiology-ին մէջ:
Գիտնականներու խօսքով՝ սենեկային բոյսերը սենեակի օդը կը մաքրեն եւ զայն թթուածինով կը հարստացնեն միայն այն պարագային, եթէ իւրաքանչիւր մէկ քառակուսի մեթրին բաժին կ՛իյնայ 10-1000 բոյս՝ կախեալ ըլլալով անոնց տեսակէն:
Պարզուած է, որ պարբերական օդափոխութիւնը օդը աւելի արդիւնաւէտ կերպով կը մաքրէ, քան սենեկային բոյսերը: Այսպէս 2 բաց պատուհանի արդիւնքին հասնելու համար, անհրաժեշտ է միջին չափի գրասենեակի կամ սենեակի մէջ դնել 680 բոյս կամ ամէն քառակուսի մեթրին՝ 5 բոյս:
Հետազօտողները նշած են, որ առասպելը արմատաւորուած է 1989-ին, երբ ՆԱԶԱ-ի փորձարկումներու արդիւնքները ցոյց տուած են, որ բոյսերը օդէն կը հեռացնեն մինչեւ 70 առ հարիւր աղտոտիչները՝ մէկ խորանարդ մեթր չափերով անթափանց խցում գտնուելու պարագային: Սակայն այս միջավայրը զգալիօրէն կը տարբերի շէնքերու ներսի պայմաններէն: Հաստատութեան մը մէջ հեղձուկ օդը շատ աւելի արագ կը թարմացուի բաց պատուհաններու միջոցով, քան բոյսերու առկայութեամբ: