Տապլինի Թրինիթի-քոլէճի հետազօտողները յայտնաբերած են, որ մարդիկ կը տարբերին տեսողական ազդանշաններու ընկալման արագութեամբ։ Ոմանք արագ կ՛ընկալեն փոխուող տեսողական ազդանշանները այնպիսի յաճախակիութեամբ, որոնք անհասանելի կ՛ըլլան ուրիշներու, այլ խօսքով՝ ոմանք աւելի մեծ քանակութեամբ տեսողական տեղեկութիւն կը ստանան որոշ ժամանակի ընթացքին, քան ուրիշները։
Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «PLOS One» ամսագրին մէջ։
Այս յայտնագործութիւնը կը վկայէ, որ ոմանք ունին բնածին առաւելութիւն որոշ իրավիճակներու մէջ, երբ «ռիէքշըն»ի ժամանակը ունի վճռական նշանակութիւն, օրինակ՝ գնդակով մարզական մրցումներու մէջ։
Արագութիւնը, որով մենք կ՛ընկալենք աշխարհը, յայտնի է որպէս մեր «ժամանակային ընկալունակութիւն»ը եւ շատ բանով նման է համակարգչային «մոնիթոր»ի թարմացման յաճախակիութեան։
Գիտնականները բացայայտած են, որ տարբեր մարդիկ այս հարցին մէջ զանազանութիւններ ունին, իսկ այդ կը նշանակէ, որ ոմանք փաստօրէն «վայրկեանական աւելի պատկերներ» կը տեսնեն, քան ուրիշներ։
Գիտնականները օգտագործած են շողարձակումներու միաձուլման «քրիթիքըլ թրեշհոլտ»ը՝ յաճախակիութեան առաւելագոյն ցուցիչը, որու պարագային մարդ կրնայ ընկալել լոյսի շողացող աղբիւրը։
«Մենք առայժմ չենք գիտեր, թէ ինչպէ՞ս այդ տարբերութիւնները կ՛ազդեն մեր առօրեայ կեանքին վրայ, բայց կը կարծենք, որ անհատական տարբերությունները ընկալման արագութեան մէջ կրնան դրսեւորուիլ այն իրավիճակներուն մէջ, որոնք կապուած են բարձր արագութեան, հետ, երբ կրնայ պահանջուիլ որոշել արագ շարժող իրի մը գտնուած տեղը կամ արագ հետեւիլ ատոր, օրինակ՝ գնդակով մարզախաղերու ժամանակ։ Այդ կը վկայէ այն մասին, որ ոմանք կրնան առաւելութիւններ ունենալ միւսներու հանդէպ մինչեւ այն պահը, երբ կը հարուածեն գնդակին կամ կը վերցնեն «քոնթրոլըր»ը ու կը մտնեն «ֆէնթըսի օնլայն-աշխարհ»,- նշած են հետազօտողները։