Ճիշդ ձեւով սնունդ ստանալու հիմերը կը դրուին մանուկ հասակին եւ կ՛արտացոլացուին մարդու «համ»ային հակումներուն մէջ արդէն հասուն տարիքին։ Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխումի կեդրոնի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) մասնագէտները ուսումնասիրած են մէկուկէսէն մինչեւ 23 ամսուան 1000 փոքրիկի սնունդ ստանալու մասին տուեալները եւ տեղեկացուցած, որ ծնողներու շրջանակին մէջ մեծ տարածում ունեցող 2 ուտելիք աւելի լաւ է չտալ մինչեւ 2 տարեկան փոքրիկներուն։
Համաձայն առկայ տուեալներու վերլուծութեան՝ 6-11 ամսուան փոքրիկները կը ստանան մօտաւորապէս մէկ թէյի դգալ աւելցուած շաքար օրական, իսկ 1-2 տարեկան փոքրիկները՝ օրական 6 թէյի դգալ շաքար։ Պարզուած է, որ շաքարի հիմնական աղբիւրը փոքրիկներու սննդաբաժինին մէջ քաղցր «եոկուրթ»-ներն են, իսկ մէկ տարեկանէն ետք՝ քաղցր մրգային ըմպելիքները։
Մասնագէտները խորհուրդ կու տան ծնողներուն իրենց փոքրիկներուն չտալ քաղցր պտուղի հիւթեր եւ քաղցր «եոկուրթ»-ներ մինչեւ 2 տարեկան, եւ 2 տարեկանէն ետք ալ, խորհուրդ կը տրուի շաքարին վերաբերեալ աւելի մեծ զգուշութիւն ցուցաբերել։
Մասնագէտները յիշեցուցած են, որ սննդաբաժինին մէջ քաղցրի մեծ պարունակութիւնը կրնայ նպաստել ոչ միայն ճարպակալումի եւ «քարիեսի» յառաջացման, այլեւ ասթմայի եւ ապագային բարձր ճնշումի վտանգին, կը գրէ Journal of the Academy of Nutrition and Dietetics ամսագիրը։