Ճոնզ Հոփքինզի համալսարանի գիտնականները, Յունիս 18-ին, բաց նամակ յղած են Proceedings of the National Academy of Sciences (PNAS) ամսագիրի խմբագրութեան, որուն մէջ պահանջած են առանց ուշացումի հանել Նոպելեան դափնեկիր Մարիօ Մոլինոյին եւ համահեղինակներուն՝ Յունիս 11-ին հրապարակած յօդուածը:
Յօդուածը նուիրուած է դիմակներու արդիւնաւէտութեան՝ համավարակի ժամանակ, եւ գիտնականներու համաձայն, «բազմաթիւ կեղծ պնդումներ» կ՛ընդգրկէ: Նամակը ստորագրած են մօտաւորապէս քառասուն յառաջատար գիտնականներ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրալիայէն եւ Մեծն Բրիտանիայէն:
Իրենց յօդուածին մէջ, Մոլինոն եւ անոր գործընկերները կը յայտարարեն, որ դիմակներ կրելը ամէնէն առաջնահերթ կանխարգելիչ միջոցն է համավարակի ընթացքին, մինչդեռ այլ մեթոտներ, այդ շարքին՝ ընկերային հեռաւորութիւնը, անարդիւնաւէտ են: Հետազօտութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ ժահրը կը տարածուի հիմնականին մէջ օդակաթիլային ճամբով:
Նամակին հեղինակներուն կարծիքով՝ այս եզրակացութիւնները, ընդհանուր առումով, կը համընկնին այլ գիտնականներու աշխատանքներու հետ, սակայն հետազօտութեան ձեւը եւ մեթոտաբանութիւնը բազմաթիւ հարցեր կը յառաջացնեն: Այդպէս, ուսումնասիրութիւնը իրագործուած է Ամերիկայի տարբեր քաղաքներու եւ նահանգներու մէջ, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ եւ Ուհանի մէջ վարակման դէպքերու եւ ձեռնարկուած միջոցառումներու պարզ բաղդատութեան հիման վրայ: Բայց, միեւնոյն ժամանակ, Մոլինոն անտեսած է այն կարեւոր գործօնները, որոնք կ՛ազդեն հիւանդութեան տարածման սրումին վրայ, ինչպէս՝ բնակչութեան խտութիւնը, հասարակութեան մէջ շփման սովորութիւնները եւ կայացուած քաղաքական որոշումները: Բացի ատկէ, յօդուածի հեղինակները բազմաթիւ «փաստային սխալներ» կատարած են:
«Այդպէս, ուսումնասիրութիւնը կը պնդէ, որ Ապրիլ 3-էն ետք, Նիւ Եորքի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մնացած նահանգներու միջեւ միակ տարբերութիւնը այն էր, որ Ապրիլ 17-ին, Նիւ Եորքի մէջ, բնակիչներուն պարտադրեր են դիմակներ կրել: Յայտնի է, որ այդ մէկը կեղծ յայտարարութիւն է: Ճիշդ չէ նաեւ այն պնդումը, որ Նիւ Եորքը միակ նահանգն է, որուն մէջ բնակիչներուն պարտադրած են դիմակներ կրել»,- կը պնդեն գիտնականները:
«Նման այլ աշխատութիւններու մէջ ապացոյցներ բերուած են առ այն, որ դիմակները կ՛օգնեն նուազեցնեու COVID-19-ի տարածումը, սակայն այս հետազօտութիւնը բաւարար ապացոյցներ չի պարունակեր»,- յայտարարած է Վըրճինիոյ «փոլիթեքնիք» համալսարանի ժահրային փոխանցումի մասնագէտ Լինսի Մար:
Մարիօ Մոլինոն արձագանգած է գիտնականներու քննադատութեան՝ յայտարարելով, որ իր եզրակացութիւնները «պարզապէս սխալ ընկալուած են» եւ նշած, որ թերեւս յօդուածը գրուած է չափազանց բարդ լեզուով: Նոպելեան դափնեկիրը նաեւ խոստովանած է, որ իր յօդուածը կրնայ «որոշ չափով չափազանցուած ենթադրութիւններ» ընդգրկել: