Քաղցրաւենիքի հանդէպ սերը պայմանաւորուած է աղիքներու մէջ S24-7 ընտանիքի պաքթիրիաներու բացակայութեամբ։ Նման եզրակացութեան յանգած են Քալիֆորնիոյ համալսարանի գիտնականները։ Հետազօտողներու աշխատանքը հրապարակուած է Current Biology ամսագրին մէջ։
Մասնագէտները շարք մը փորձեր կատարած են մուկերու վրայ։ Գիտնականները մուկերուն կերակրած են հակապայոթիքներ, որոնք խախտած են աղիքներու «մայքրոպայոթան», իսկ ետքը անոնց շաքարի հատիկներ տուած են։
Երկու ժամուան ընթացքին խանգարուած «մայքրոպայոթայով» մուկերը 50 առ հարիւրով աւելի շաքարի հատիկներ կերած են, քան աղիքային պաքթիրիաներու բնական քանակ ունեցող կրծողները:
Գիտնականներու խօսքով՝ ստացուած եզրակացութիւնները կարելի է կիրառել նաեւ մարդու նկատմամբ։
«Մենք գիտենք, որ սննդային սովորութիւններու խանգարումներ ունեցող մարդոց մօտ աղիքներու «մայքրոպայոթան» կը տարբերի այն մարդոց «մայքրոպայոթայէն», որոնց մօտ նման խանգարումներ չեն ախտորոշուած: Այժմ մենք հաստատած ենք, որ ազդեցութիւնը երկկողմանի է, եւ աղիքային պաքթիրիաները նոյնպէս կ՛ազդեն մարդոց սննդային սովորութիւններու խանգարման վրայ»,-նշած են հետազօտողները։