Չինացի եւ գանատացի մասնագէտներու խումբ մը, դեղամիջոց մը փորձարկած է հեփաթիթ B-ի եւ C-ի, ինչպէս նաեւ արեան եւ մաշկի քաղցկեղի բուժման համար: Խօսքը ալֆա-2 պաշտպանական սպիտակուցի «ինթըրֆերոն սինթեթիք» տարբերակի մասին է:
Այդ մէկը դիմադրողականութեան համակարգի ազդանշանային սպիտակուցներէն մէկն է, որ մարմինը կ՛արտադրէ յարուցիչներու հետ հանդիպումի ժամանակ: Պաշտպանական սպիտակուցները կը խանգարեն ժահրերը եւ չեն ձգեր, որ անոնք բազմանան վարակուած բջիջներու մէջ ու «կը ստիպեն» դիմադրողականութեան համակարգին, որ աւելի արագ պայքարին ատոնց դէմ:
Գիտնականները արդէն պաշտպանական սպիտակուցներու նմաններ ստեղծած են: Այժմ, պաշտպանական սպիտակուցներու տարբերակները կ՛օգտագործուին ցրուած «սքլերոզ»-ի եւ այլ հիւանդութիւններու կանխարգիլման համար:
Նոր հետազօտութեան մէջ մասնակցած է 77 կամաւոր: Ինչպէս յայտնի է, «քորոնա» ժահրը կը մնայ օրկանիզմին մէջ մօտաւորապէս 20 օր վարակումի պահէն: Սակայն, ալֆա 2 սինթեթիք Պաշտպանական սպիտակուցը կրճատած է ադ ժամանակը գրեթէ մէկ շաբաթով: Հետաքրքրական է, որ արդիւնքը արձանագրուած է ինչպէս երիտասարդ, նոյնպէս ալ տարեց հիւանդներու մօտ: