Գիտական խումբի մը նոր ուսումնասիրութիւնը կարելիութիւն կը ստեղծէ արեան վերլուծութեամբ մարդու կենսաբանական տարիքը ստուգելու նոր մեթոտ մշակելու։ Այս միջոցը նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ ախտորոշելու տարիքի հետ կապուած 18 ամենէն ընդհանրացած հիւանդութիւններու եւ վաղաժամ մահուան վտանգները, գրած է planet-today-ը։
Հետազօտողները վերլուծած են մասնակիցներու արեան աւելի քան 200 սպիտակուցներ, ինչպէս նաեւ ստեղծած են «թուային մոտել» մը, որ կարելիութիւն տուած է որոշելու ծրագրին մասնակցողներուն կենսաբանական տարիքը: Անոնք բացայայտած են, որ կենսաբանական տարիքը յաճախ կը տարբերէր ժամանակագրական տարիքէն, ապահովելով մարմնի իրավիճակի առարկայական գնահատում բջիջային մակարդակի վրայ:
Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ կենսաբանական տարիքը մեծապէս կապուած է այնպիսի հիւանդութիւններու հաւանականութեան հետ, ինչպէս՝ սրտի եւ լեարդի, երիկամներու ու թոքերու հիւանդութիւնները․ տարիքի հետ զգալիօրէն կը բարձրանան նաեւ շաքարախտի, «նիւրոտիճենըրաթիւ» հիւանդութիւններու եւ քաղցկեղի վտանգները: Կը վնասուին ընդհանուր ֆիզիքական վիճակն ու ճանաչողական գործունէութիւնները:
Նոր մեթոտը օգտակար կրնայ ըլլալ ծերացման դանդաղեցման եւ հիւանդութիւններու կանխարգիլման ուղղուած բուժման հեռանկարները գնահատելուն։