Մարդկութիւնը կրնայ հանդիպիլ նոր համավարակի սպառնալիքին այն ժահրերու պատճառով, որոնք գտնուած են Սիպերիոյ յաւերժական սառցածածկոյթներուն մէջ, գրած է «The Guardian»ը։
Գիտնականներու կարծիքով՝ վտանգ կայ, որ հին սիպերեան ժահրերը կրնան ազատ արձակուիլ համաշխարհային ջերմացման պատճառով եւ յառաջ բերել անյայտ հիւանդութիւններու բռնկումներ։ «Մաթուսաղայի այդ միքրոպներու» շտամները կամ զոմպի-վիրուսները, ինչպէս կ՛անուանուին, արդէն բացայայտուած են հետազօտողներու կողմէ։ Գիտնականները նախազգուշացուցած են, որ յաջորդ համավարակը կրնայ յառաջանալ ոչ թէ նոր ժահրերէն, այլ հեռաւոր անցեալի հիւանդութենէն։ Այս առնչութեամբ կենսաբանները սկսած են մտածել «մոնիթորինկի արքթիքական» ցանցի ստեղծման մասին, որ կը պարզէ հիւանդութիւններու դէպքերը, որոնք կրնան յառաջանալ հնագոյն մայքրօ-օրկանիզմներէն։ Ծառայութիւնը կ՛ապահովէ վարակուածներու «քորընթին»ը եւ որակեալ բժշկական օգնութիւնը, ինչպէս նաեւ կը վերահսկէ մարդոց տեղաշարժը վարակի գօտիին մէջ։
«Այժմ համավարակային սպառնալիքներու ուսումնասիրութիւնը կեդրոնացած է այն հիւանդութիւններուն վրայ, որոնք կրնան յառաջանալ հարաւային շրջաններու մէջ, իսկ յետոյ տարածուիլ հիւսիսային շրջաններու մէջ։ Քիչ ուշադրութիւն կը դարձուի հաւանական բռնկման մասին Ծայրագոյն Հիւսիսի մէջ, ինչ որ կրնայ տարածուիլ հարաւի մէջ, եւ ես կը կարծեմ, որ ասիկա բացթողում է։ Այնտեղ կան վտանգաւոր ժահրեր, որոնք կրնան վարակել մարդոց եւ նոր համավարակ յառաջացնել»,- տեղեկացուցած է «ճենեթիսիսթ» Ժան-Միշել Քլավերին Մարսէյի համալսարանէն։
2014ին Քլավերին կը գլխաւորէր այն գիտնականներու խումբը, որոնք մեկուսացուցած էին կենդանի վիրուսներուն Սիպերիոյ մէջ եւ ապացուցած, որ ատոնք նախկինին նման կրնան վարակել միաբջիջ օրկանիզմներուն՝ հակառակ յաւերժական սառցածածկոյթի մէջ անցուցած հազարամեակներուն։ 2023ին հրապարակուած հետազօտութիւնները բացայայտած են քանի մը ժահրային շտամներու գոյութիւնը Սիպերիոյ եօթ տարբեր կէտերու մէջ, որոնք կրնան վարակել աճեցուող բջիջներուն։ Մայքրօ-օրկանիզմներէն մէկը մօտաւորապէս 48,5 հազար տարեկան էր։
«Ժահրերը, որոնք մենք առանձնացուցած ենք, կրնային վարակել միայն «ամիպա»ներուն եւ վտանգ չէին ներկայացներ մարդու համար։ Բայց մենք նոյնականացուցած ենք «փոքսվիրուսներու» եւ «հըրփըսվիրուսներու» «ճինոմ»ային հետքերը, որոնք մարդու լաւ յայտնի «փաթոճեն»ներ են»,- ըսած է Քլավերին։
Ամենաբարձր վտանգը կը ներկայացնէ ոչ թէ յաւերժական սառցածածկոյթի հալումը, այլ «համաշխարհային ջերմացման մէկ այլ գործօն. արքթիքական ծովային սառոյցի անհետանալը։ Այդ փոփոխութիւնը կ՛արտօնէ զարգացնելու նաւագնացութիւնը, թրանսփորթային հաղորդակցութիւնը եւ Սիպերիոյ արդիւնաբերութիւնը։ Կը ծրագրուին մաշտապային լեռնարդիւնահանման գործողութիւններ, որոնց ընթացքին կը հորատուին հսկայական անցքեր եւ հանքեր յաւերժական սառցածածկոյթի մէջ՝ նաւթի ու հանքանիւթերու արդիւնահանման համար։ Այդ գործողութիւնները ազատ կ՛արձակեն «փաթոճեն»ներու հսկայական քանակ, որոնք տակաւին կը գտնուին այնտեղ։ Հանքափորները կ՛իջնեն այնտեղ եւ կը շնչեն վիրուսները։ Հետեւանքները կրնան աղիտալի ըլլալ»,- բացատրած է Քլավերին։