Օրեկոնի Առողջապահութեան եւ գիտութեան համալսարանի նոր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ՝ «կրիփ»ի համընդհանուր պատուաստ մշակելու մօտեցումի հեռանկարային ըլլալը․ այսպէս կոչուած, «մէկ եւ պատրաստ» պատուաստ, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին դիմադրողականութիւն կ՛ապահովէ զարգացող ժահրի դէմ:
Հետազօտութիւնը, որ հրապարակուած է Nature Communications ամսագրին մէջ, պատուաստ փորձարկած է այն ժահրին դէմ, որ կը նկատուի յաջորդ համավարակի ամենէն հաւանական աղբիւրը:
Հետազօտողները յայտնած են, որ պատուաստը զօրաւոր դիմադրողական արձագանգ ունեցած է ոչ մարդկային «փրայմէյթ»ներու մօտ, որոնք վարակուած եղած են թռչնակրիփի H5N1 ժահրով: Բայց եւ այնպէս պատուաստը նախատեսուած չէ եղած ժամանակակից H5N1 ժահրին դէմ։
Փոխարէնը, «փրայմէյթ»ները պատուաստուած են 1918ի «կրիփ»ի ժահրին դէմ, որ միլիոնաւոր մարդոց կեանքը խլած էր ամբողջ աշխարհի մէջ:
Հետազօտողները յայտնած են, որ 11 ոչ մարդկային «փրայմէյթ»ներէն վեցը, որոնք պատուաստուած էին մէկ դար առաջ՝ 1918ին տարածուած «կրիփ»ին դէմ, կրցած են դիմակայել ժամանակակից աշխարհի ամենէն մահաբեր ժահրերէն՝ H5N1-ի ազդեցութիւնը: Իսկ վեց չպատուաստուած «փրայմէյթ»ները, որոնք վարակուած էին H5N1 ժահրով, սատկած են հիւանդութեան պատճառով:
Գիտնականներու համաձայն, այս պատուաստը «անկասկած» կրնայ օգտակար ըլլալ այլ «միւթէյթըտ» ժահրերու, ներառեալ SARS-CoV-2-ի դէմ պայքարին մէջ: