Մեծն Բրիտանիոյ Մանչեսթըրի համալսարանի գիտնականները ցoղունային բջիջներէն մարդու թոքերու «մինի» տարբերակ ստեղծած են։
Այս յատուկ թոքերը կարողութիւնը ունին ընդօրինակելու կենդանի հիւսուածքներու արձագանգը, երբ անոնք կ՛ենթարկուին տարբեր նանոնիւթերու։ Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Nano Today գիտական ամսագրին մէջ։
Բժշկութեան Նանօարհեստագիտական կեդրոնի համալսարանի «Նանօ-Սել Պայոլոճի Լէպ»ի հետազօտութիւնը հրապարակուած է «Նանօ Թուտէյ» գիտական ամսագրին մէջ:
Օրկաններու այս մոտելները, որոնք կը կոչուին «օրկանոյիտ»ներ, եռաչափ կենսաբանական կառոյցներ են: Անոնք կ՛օգտագործուին թոքերու տարբեր հիւանդութիւններու, այդ շարքին՝ «սիսթիք ֆիպրոսիզ»ի, թոքերու քաղցկեղի եւ COVID-19-ի հետեւանքները աւելի լաւ հասկնալու համար:
Նոր ուսումնասիրութեան ընթացքին, հետազօտողները ուսումնասիրած են ածխածինի վրայ հիմնուած նանոնիւթերու ազդեցութիւնը «օրկանոյիտ»ներուն վրայ:
Բացայայտուած է, որ «կրաֆին օքսայտ»ը ապահով ձեւով կը պահպանուի շնչառական համակարգին մէջ «սիքրիդըրի միւսին» կոչուող նիւթին միջոցով։ Մինչդեռ երկար եւ կոշտ բազմապատ ածխածնային նանոխողովակները բացասաբար կ՛ազդեն թոքերուն վրայ՝ յառաջացնելով յարատեւ բորբոքում եւ «ֆիպրոսիզ»:
Գիտնականներու կարծիքով՝ ցօղունային բջիջներէն պատրաստուած «մինի» թոքերը զգալիօրէն կը նուազեցնեն անասուններու վրայ կատարուող փորձերու քանակը եւ աւելի մարդասիրական կը դարձնեն «նանոթոքսիքոլոճիքըլ» հետազօտութիւնները։