Հոլանտացի գիտնականներ գտած են յիշողութիւններու հասանելիութիւնը, որոնք կը մոռցուին քունի պակասի պատճառով։ Ինչպէս կը գրեն Կրոնինկենի համալսարանի հետազօտողները Current Biology ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ, կորսուած տեղեկատւութիւնը կը շարունակէ պահպանուիլ ուղեղին մէջ եւ դարձեալ յիշել զայն։
Քունը անհրաժեշտ է երկարաժամկէտ յիշողութեան ձեւաւորման համար, ուստի ուսանողներուն գիշերը քննութեան նախապատրաստելը բացասաբար կ՛անդրադառնայ յիշուող տեղեկատւութեան որակին վրայ: Գիտնականները ստուգած են, որ քունէն զրկուածութիւնը արդեօ՞ք պատճառ կը դառնայ տեղեկատւութեան ամբողջական կորուստին, թէ պարզապէս դժուար կ՛ըլլայ ատոր հասնիլը։
Անոնք օգտագործած են ճենեթիքօրէն «մոտիֆայտ» կրծողներ, որոնց մէջ ուսուցման ընթացքին աշխուժացող «նիւրոն»ները կ՛արտադրեն ալիքային «ռոտոփսին»՝ լոյսի նկատմամբ զգայուն սպիտակուց: Այս սպիտակուցը կը կազմէ թաղանթային ալիքներ, որոնք ներգրաւուած են գործողութեան ներուժի կամ նեարդային ազդակի ձեւաւորման մէջ, ուստի լոյսի անմիջական ազդեցութեան տակ ուղեղի «նիւրոն»ները ընտրողաբար կ՛աշխուժանան՝ համապատասխան վարք յառաջացնելով վարժութեան ենթարկած մուկերու մօտ:
Սկիզբը մուկերը կը սորուէին տարածային խնդիր, որուն մէջ անոնք պէտք է յիշէին որոշ առարկաներու գտնուելու վայրը։ Քանի մը օր անց փորձի երկրորդ «սեշըն»ի ընթացքին, կենդանիները փորձած են կատարել նոյն խնդիրը, սակայն առարկաներէն մէկը տեղափոխուած է այլ վայր մը։ Քունի պակաս ունեցող կրծողներու խումբին մէջ, կրծողները չեն «անդրադարձած» այդ փոփոխութեան, այսինքն՝ անոնք չեն կրցած յիշել առարկային սկզբնական վայրը: Այնուամենայնիւ, «հիփոքամփի նիւրոն»ներու՝ լոյսով վերաշխուժացումէն ետք, մուկերը յայտնաբերած են, որ առարկան տեղափոխուած է։
Գիտնականները եկած են այն եզրակացութեան, որ քունի պակասը կը նպաստէ տեղեկատւութեան «ենթաօփթիմալ» պահպանման, որ նախապէս կը նկատուէր ընդմիշտ կորսուած։
«Ռոֆլիւմիլասթ» դեղը, որ կ՛օգտագործուի «ասթմա»ի կամ թոքերու քրոնիք «օպսթրաքթիվ» հիւանդութեան դէմ պայքարին մէջ, կ՛ազդէ «նիւրոն»ներու վերաշխուժացման հիմքին մէջ եղող «մոլեքիւլային մեքանիզմ»ին վրայ: Գիտնականները այդ դեղը տուած են մուկերուն երկրորդ «սեշըն»էն առաջ, ինչ որ նպաստած է տեղեկատւութեան վերյիշելուն: Գիտնականներու կարծիքով՝ «ռոֆլիւմիլասթ»ը ապագային կրնայ փորձարկուիլ յիշողութեան հետ կապուած խնդիրներ ունեցող մարդոց պարագային, օրինակ՝ Ալզհայմըրի հիւանդութեան սկզբնական փուլին մէջ գտնուող հիւանդներու մասնակցութեամբ հետազօտութիւններու մէջ: