Նոր հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ գոհունակ մարդիկ աւելի նուազ հակում ունին սրտի տագնապ կամ կաթուած ունենալու: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Journal of the American Heart Association-ին մէջ:
«Մեր բացայայտումները կը հաստատեն առողջապահական խնամքի ամբողջական մօտեցումը, ուր մարդու մտաւոր եւ հոգեկան բարեկեցութեան բարելաւումը սրտի հիւանդութիւններու եւ ուղեղի կաթուածի կանխարգիլման անբաժանելի մասը կը նկատուի»,- յայտնած է Չինաստանի մէջ Հեֆեյի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու համալսարանին առընթեր Կաթուածի դէմ պայքարի կեդրոնի փոխտնօրէն, հետազօտութեան աւագ հեղինակ Ուեն Սունկ:
Հետազօտութիւնը իրագործելու համար գիտնականները վերլուծած են Մեծն Բրիտանիոյ մէջ բժշկական մեծամաշտապ տուեալներու՝ Պայոպանքի աւելի քան 120 հազար մասնակիցներէն ստացուած տուեալները:
Մասնակիցները ամբողջացուցած են հարցաթերթիկներ, որոնց մէջ գնահատած են իրենց բարեկեցութիւնը՝ ընտանիքի, ընկերային յարաբերութիւններու, առողջութեան, նիւթական եւ ընդհանուր երջանկութեան նկատմամբ բաւարարուածութեան տեսանկիւնէն:
Գիտնականները մարդոց բարեկեցութիւնը բաղդատած են չորս հիմնական սրտանօթային հիւանդութիւններու զարգացման վտանգին հետ: Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ բարեկեցութեան ամենէն բարձր միաւորներ ունեցող մարդոց՝
- Աթերոսքրոսիզի վտանգը 44%-ով նուազ է:
- 45%-ով նուազ է կաթուածի վտանգը:
- Սրտային անբաւարարութեան վտանգը 51%-ով նուազ է:
- 56%-ով նուազ է սրտի կաթուածի վտանգը: