Անյայտ հիւանդութիւնը, որ տարածուած է Գոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ եւ յանգեցուցած է տասնեակ մարդոց մահուան, մալարիայի ծանր ձեւն է, տեղեկացուցած է The Guardian-ը՝ յղում կատարելով երկրի առողջապահութեան նախարարութեան։
«Գաղտնիքը վերջապէս բացայայտուած է։ Այդ մալարիայի ծանր ձեւ է․ տարածուած հիւանդութիւն»- յայտնած է նախարարութիւնը։ Անոնք նաեւ աւելցուցած են, որ թերսնուցումը Քուանկօ հարաւարեւմտեան նահանգի բնակչութեան, ուր տարածուած է հիւանդութիւնը, զանոնք դարձուցած է աւելի խոցելի հիւանդութեան հանդէպ։
Գոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Հոկտեմբերէն արձանագրուած է հիւանդութեան 592 պարագայ՝ մահուան մակարդակը կազմելով 6,2 առ հարիւր։