Աշխարհի մեծ մասին մէջ, մանկական փորլուծութիւնը մահացութեան գլխաւոր պատճառը կը հանդիսանայ: Կարելի է արդեօ՞ք «փրոպայոթիք» դեղահատ պատրաստել՝ այս չարիքը արմատախիլ ընելու համար։
Հիւսիսարեւելեան համալսարանին մէջ, Նիլ Ճոշիի տարրալուծարանի գիտնականները մէկ քայլ աւելի մօտ են այսպիսի դեղահատի մը ստեղծման, ըսուած է PLOS Pathogens ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ:
Քիմիական կենսաբանութեան ամպիոնի օգնական փրոֆ. Ճոշիի խօսքով՝ յօդուածը կը նկարագրէ նոր մշակուած «փրոպայոթիք» բուժումը, որ հակամարմիններու սպիտակուցներով յագեցած «մանրէաբանական ցանց» կը ստեղծէ, որոնք կը կանխեն հիւանդութիւնը՝ կապուելով աղիքային հիւանդութիւն յառաջացնող «փաթոճեն»ներուն:
Գաղափարը այն է, որ այս մշակուած բուժումը դեղահատի տեսքով ըլլայ: Անիկա ուժի մէջ կը մտնէ անմիջապէս որ մարսողական համակարգին մէջ կը մտնէ, բացատրած է Ճոշին։
Հիւսիսարեւելեան համալսարանի վերջերս հրապարակուած հետազօտութիւնը Թաֆթսի բժշկական եւ անասնաբուժական բժշկութեան դպրոցներու հետ միատեղ կ՛ապացուցէ, որ հայեցակարգը կ՛աշխատի տարրալուծարանին մէջ, նշած է Իլիա Կելֆաթ, որ հետազօտութեան մասնակցած է իբրեւ Հիւսիսարեւելեան համալսարանի հրաւիրեալ գիտաշխատող։
Յաջորդ քայլը ցոյց տալն է, որ անիկա կ՛աշխատի կենդանիներու վրայ, ըսած է Կելֆաթ:
Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնի տուեալներով՝ «էնթերալ» հիւանդութիւններու հետեւանքով յառաջացած լուծը փոքրիկներու մահուան երկրորդ պատճառն է աշխարհի մէջ՝ օրական աւելի քան 2000 փոքրիկի մահուան պատճառ դառնալով։
Հետազօտութիւնը, որ հրապարակուած է PLOS Pathogens ամսագրին մէջ, երկարած է քանի մը տարի եւ սկսած է այն ժամանակ, երբ Ճոշի եւ Կելֆաթ կ՛աշխատէին Հարվըրտի համալսարանին մէջ:
Բացայայտուած է, որ ուղտանմանները, այդ շարքին՝ ալփակաները եւ լամաները, շատ պարզ տեսակի հակամարմիններ կ՛արտադրեն, որ կրնան մշակուիլ նոյնիսկ «պաքթիրիա»ներու, այդ շարքին՝ օգտակար «պաքթիրիա»ներու համար, յայտնած է Կելֆաթ: