Ամերիկացի գիտնականներ մշակած են դեղ մը, որ արդիւնաւէտօրէն կը չեզոքացնէ օմիքրոնի եւ քորոնա ժահրի շատ տարբերակներ։ Տանա-Ֆարպըրի քաղցկեղի հիմնարկի, Պոսթընի համալսարանի, Մասաչուսեթսի ընդհանուր փրոֆիլի հիւանդանոցի, Քոլորատոյի պետական համալսարանի հետազօտողներու աշխատանքի արդիւնքները հրապարակուած են Science Advances ամսագրին մէջ:
Մշակումը, որ կը կոչուի DF-COV-01, խայծ-մոլեքիւլ է ACE2 «ռիսեփթըր»ի համար: Ի տարբերութիւն հակամարմիններու վրայ հիմնուած դեղերու, SARS-CoV-2-ին համար շատ աւելի դժուար է պայքարիլ ACE2 խայծի դէմ, որովհետեւ ժահրի «միւթէյշըն»ները, որոնք կ՛օգնեն անոր դիմակայելու դեղին, նաեւ կը նուազեցնեն բջիջները վարակելու անոր կարողութիւնը:
Նոր հետազօտութիւնը բացայայտած է այն առանձնայատկութիւնները, որոնք ACE2 խայծի հիման վրայ ստեղծուած դեղերը արդիւնաւէտ եւ երկարատեւ կը դարձնեն:
Փորձերը ցոյց տուած են, որ երբ սպիտակուցի որոշ բեկորը կ՛աշխուժանայ, դեղը աւելի սերտօրէն կը ներդրուի ժահրին մէջ եւ աւելի երկար կը գործէ օրկանիզմին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, դեղը ինքնին անդառնալի փոփոխութիւններ կը յառաջացնէ ժահրի կառուցուածքին մէջ՝ անիկա կը վնասէ սպիտակուց-փուշերը, այնպէս որ «փաթոճէն»ը կը կորսնցնէ բջիջի մակերեսի ACE2 «ռիսեփթըր»ին հետ կապուելու ունակութիւնը եւ չի կրնար վարակել անոր:
Քանի որ քորոնա ժահրերը մեծամասնութեամբ վարակուելու համար կը պահանջուի ACE2-ի հետ փոխազդեցութիւն, դեղը արդիւնաւէտ է բոլոր առկայ եւ նոյնիսկ ապագայ տարբերակներու համար:
DF-COV-01-ը տակաւին չէ փորձարկուած մարդոց վրայ, թէեւ ատոր մշակումը գրեթէ աւարտած է: Ներկայիս կ՛իրագործուին նախաքլինիքական հետազօտութիւններ, որոնք անհրաժեշտ փուլ են քլինիքական փորձարկումներու թոյլատրման համար։