Օքսֆըրտի համալսարանի գիտնականները մշակած են OvarianVax պատուաստը, որ կրնայ «սորվեցնել» դիմադրողական համակարգին՝ ձուարաններու քաղցկեղի ամենէն կանուխ փուլերուն յայտնաբերել եւ ոչնչացնել չարորակ բջիջները: Այս մասին կը յայտնէ քաղցկեղի հետազօտութեան բրիտանական կազմակերպութիւնը՝ Cancer Research UK:
Ձուարաններու քաղցկեղը կը նկատուի կիներու շրջանակին մէջ քաղցկեղի ամենէն վտանգաւոր ձեւերէն մէկը: Ըստ վիճակագրութեան՝ հիւանդներու շրջանակին մէջ երկու երրորդը կը մահանայ ախտորոշումէն ետք մէկ տարուան ընթացքին:
Ամէն տարի Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հիւանդութեան շուրջ 7500 նոր պարագայ կ՛ախտորոշուի, ինչ որ երկրին մէջ կիներու շրջանակին մէջ զայն կը դարձնէ վեցերորդ ամենէն ընդհանրացած քաղցկեղը:
Իբրեւ այս հիւանդութեան դէմ պայքարի մէկ մասը, բրիտանացի գիտնականներ մշակած են OvarianVax պատուաստը։ Անոնք վերլուծած են քաղցկեղի բջիջներու կանուխ փուլերուն մէջ յայտնաբերուած սպիտակուցները եւ առանձնացուցած՝ դիմադրողական համակարգը լաւագոյնս աշխուժացնող ու տարրալուծարանական պայմաններու մէջ ուռուցքային բջիջները արդիւնաւէտօրէն ոչնչացնող սպիտակուցները: OvarianVax պատուաստը կը թիրախաւորէ այս սպիտակուցները եւ կը «սորվեցնէ», որ դիմադրողական համակարգը ինքնուրոյն պայքարի քաղցկեղին դէմ:
Գիտական խումբը նշած է, որ OvarianVax-ի գործողութեան մեքանիզմը նման է մարդու փափիլոմաժահրին դէմ պատուաստին, որ կ՛ակնկալուի, որ օգնէ վերացնելու արգանդի վզիկի քաղցկեղը:
Ներկայիս տարրալուծարանական հետազօտութիւնները վերջնական փուլին մէջ են։ Անգամ մը, որ ամբողջանան, գիտնականները պիտի անցնին մարդոց վրայ քլինիքական փորձարկումներուն: Անոնք կը ծրագրեն պատուաստը առաջին հերթին փորձարկել ձուարաններու քաղցկեղի «ճենեթիք» բարձր վտանգ ունեցող կիներու վրայ։